Ճատրակ. Մխիթարեան Եւ Մաթիկոզեան Տիրացան Տարբեր Տեսակի Մրցաշարքերու Տիտղոսներուն
Պրազիլի ճատրակի 2-րդ բաց մրցաշարքին, որ տեղի ունեցաւ Ֆորթալեզայի մէջ (Պրազիլ), պրազիլահայ կրանտմասթըր Գրիգոր-Սեւակ Մխիթարեան առաւելագոյն 9 կէտէն 7 կէտ ապահովելով տիրացաւ տիտղոսին, կը յայտնէ armchess.am:
Հակառակ անոր որ Քուպաս (Փարակուէյ), Վեսքովի եւ Տեպս (Պրազիլ) իրենց կարգին ապահովեցին նոյնքան կէտ, սակայն Մխիթարեան թայ-պրէյքով գերազանցեց իր մրցակիցները` հանդիսանալով առաջին:
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ-ի մէջ աւարտած ճատրակի 17-րդ Մեթրոփոլիթըն մրցաշարքին, Հայաստանէն Անդրանիկ Մաթիկոզեան առաւելագոյն 9 կէտէն 7,5 կէտ ապահովելով տիրացաւ տիտղոսին:
Հայրենի միջազգային վարպետը թայ-պրէյքով գերազանցեց Եանքովսքին (Ռուսիա), որ ապահովեց նոյնքան կէտ:
ՆՈՐՏԵՐՍԹԵՏԹԻ մէջ (Գերմանիա) տեղի ունեցած ճատրակի 9-րդ միջազգային մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերած Կրանտմասթըր Վիգէն Միրումեան (Չեխիա) առաւելագոյն 9 կէտէն 6,5 կէտ ապահովելով գրաւեց 9-րդ դիրքը: 7 կէտ ապահովելով տիտղոսին տիրացաւ Մաքսիմ Թուրով (Ռուսիա):

