Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Պըժժէ 25 Միլիոն Լիբանանեան Ոսկի Տուգանքի Ենթարկուեցաւ
Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը տուաւ կարգ մը որոշումներ, որոնցմէ ամէնէն ծանրը եղաւ Պըժժէ ակումբին դէմ սահմանուած պատիժը:
Ֆետերասիոնը, դիտելէ ետք 3 ապրիլ 2012-ին Սանթրալի դաշտին վրայ տեղի ունեցած Պըժժէ – Մութթահետ Թրիփոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-ֆորի մրցումին վիտէօ-երիզը, Պըժժէի դէմ սահմանեց պատիժներ:
Պըժժէ 25 միլիոն լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցաւ, կատարելիք մնացեալ բոլոր մրցումներուն պարտուած հռչակուեցաւ եւ գրաւեց դասաւորման 8-րդ դիրքը:
Իր ժողովին ֆետերասիոնը շնորհաւորեց Լիբանանի տղոց կրտսերներու ազգային խումբը, որ ապահովեց Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումներուն իր տոմսը:
Ֆետերասիոնը տեղեակ պահեց բոլորը, որ նոր թուական մը ճշդուած է Արաբական ակումբներու ախոյեանութեան, որ պիտի կատարուի 15-27 մայիսին, Քուէյթի մէջ: Անոր վիճակաձգութիւնը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 17 ապրիլին` Գահիրէի մէջ:

