Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութ – Սաժես Պէյրութ` 104-106. – Ռիատի Պէյրութ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս` 73-59
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց բաժակի մրցաշարքին քառորդ աւարտականի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ) տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Պէյրութ – Ռիատի Պէյրութ մրցումը:
Բաւական հետաքրքրական եւ «տաք» ճակատումէ մը ետք, անիկա աւարտեցաւ Սաժեսի յաղթանակով` 106-104 արդիւնքով:
Սակայն ՀՄԸՄ բաւական տպաւորիչ մրցում մը կատարեց` նկատի ունենալով, որ առաջին քորթըրին յառաջացաւ 28-25 արդիւնքով, իսկ Ա. կիսախաղը աւարտեց ի նպաստ իրեն` 52-45 արդիւնքով: Երրորդ քորթըրը աւարտեցաւ 69-69 հաւասարութեամբ, իսկ չորրորդ եւ վերջին քորթըրին աւարտով մրցակից կազմը տարաւ վերջնական յաղթանակը` երկու կէտի տարբերութեամբ:
Կիսաւարտականին, Սաժես Պէյրութ իր դէմ պիտի ունենայ Շանվիլ – Անիպալ Զահլէ մրցումին յաղթականը:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-ֆորի առաջին մրցումին, Ռիատի Պէյրութ 1-0 արդիւնքով յառաջացաւ` իր դաշտին վրայ 73-59 արդիւնքով յաղթելէ ետք ՀՄԸՄ Անթիլիասի:
ՀՄԸՄ-էն Նաթալի Սվաճեան նշանակեց 20 կէտ, իսկ Լէյլա Ֆարես` 14 կէտ:
Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 12-20, 19-10, 25-15 եւ 17-14:
Անոնց միջեւ երկրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 14 ապրիլին երեկոյեան ժամը 18:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:

