Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Մարզիչութեան Դասընթացքներ` Յառաջիկայ Յունիս Ամսուան Ընթացքին
Երեքշաբթի, 10 ապրիլին Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, իր գումարած ժողովին բոլոր ակումբները, մարզիկներն ու մարզիչները տեղեակ պահեց, որ յառաջիկայ յունիս ամսուան ընթացքին տեղի պիտի ունենան մարզիչութեան դասընթացքներ:
Բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին ասիական մարզիչութեան դասընթացքներու հետեւիլ եւ Գ. կարգի վկայական ստանալ, պէտք է իրենց անունները արձանագրեն առաւելագոյնը մինչեւ 4 մայիս 2012: Այս դասընթացքները տեղի պիտի ունենան 11-26 յունիս 2012-ին:
Իսկ անոնք, որոնք արդէն իսկ Բ. կարգի վկայական ունին եւ կ՛ուզեն ստանալ Ա. կարգի վկայական, իրենց անունները պէտք է արձանագրեն առաւելագոյնը մինչեւ 26 ապրիլ 2012: Դասընթացքները տեղի պիտի ունենան 3-30 յունիս 2012-ին:
CATEGORIES Մարզական

