«Եթէ ՀՄԸՄ-ը Պէտք Ունի Ինծի, Այսօր Իսկ Պատրաստ Եմ Դաշտ Իջնելու» Կ՛Ըսէ Եղբ. Վարդգէս Էսկիպաշեան

Վ. Էսկիպաշեան Ծառայութեան շքանշան կը ստանայ օրուան Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մոսիկ Պարսումեանի ձեռամբ

ԼԵՎԱՄ-ի հիմնադրութենէն ի վեր 37-րդ տարին ըլլալով է, որ երթը անխափանօրէն կը շարունակուի: Հայկական դպրոցներուն մէջ ԼԵՎԱՄ-ի խաղերն ու մրցումները կը շարունակուին եւ կը նպաստեն հոն յաճախող հայ աշակերտներուն մարզական եւ ազգային ոգին բարձր պահելու:

ԼԵՎԱՄ-ը հայ աշակերտներուն մէջ կ՛արթնցնէ սէրը` մարմնակրթութեան նկատմամբ եւ զանոնք կը համախմբէ հայկական մթնոլորտի մէջ:

ՀՄԸՄ-ի մարզական կեանքին մէջ միշտ ալ եղած են օրինակելի անձեր, ՀՄԸՄ-ի անցեալի երախտաւորներ, եւ այդպիսիներէն է ԼԵՎԱՄ-ի մարզին մէջ հոգիով ու սրտով երկար տարիներ աշխատած, բոլորին ծանօթ եղբայր Վարդգէս Էսկիպաշեանը, որուն հետ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբը ունեցաւ մտերմիկ հանդիպում մը:

Վ. Էսկիպաշեանի հետ մեր զրոյցին ընթացքին ան հարազատ կերպով մեզի փոխանցեց ԼԵՎԱՄ-ի մէջ իր տարած աշխատանքներուն մանրամասնութիւնները:

1965-ին, խանդավառուած ֆրանսական դպրոցներուն կազմակերպած մարզական մրցումներէն, ան կ՛առաջարկէ այդ շրջանի ՀՄԸՄ-ի պատասխանատուներէն` Շրջանային վարչութեան անդամ Վարուժան Մուրատեանին, որ հայկական վարժարաններն ալ ունենան մարզական խաղեր ու մրցումներ:

1983. ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբ` ձախէն 6-րդ

«Վ. Մուրատեան, որուն շատ բան կը պարտիմ միութենական գործունէութեանս մէջ, առաջարկը կը ներկայացնէ Շրջանային վարչութեան ժողովին եւ հարցը կը հասնի ներկայացուցչական ժողովին, եւ ժողովը կը համաձայնի ու անմիջապէս փոքր պիւտճէ մը կը յատկացնէ այդ աշխատանքին», ըսաւ Վ. Էսկիպաշեան:

Աւելի ուշ կը կազմուի յանձնախումբ մը, որուն կ՛անդամակցին` Էլի Գրիգորեան, որ այժմ կը բնակի Վենեզուելա, Ռազմիկ Թորիկեան (մահացած), Միսաք Խանամիրեան (մահացած), Վարդգէս Ծատուրեան եւ Վարդգէս Էսկիպաշեան:

Վ. Էսկիպաշեան, որ իր մարզական ուսումը ստանալու համար ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան կողմէ ուղարկուած էր Փորթուգալ, կատարելապէս ատակ էր այդպիսի մարզական խաղերու հսկողութիւնը ստանձնելու:

Ան անմիջապէս կը պատրաստէ յայտագիր մը եւ կը սկսի գործի:

ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին առաջին քայլը կ՛ըլլայ այցելել հայկական բոլոր վարժարաններու տնօրէններուն, որոնք անխտիր դրական կեցուածք կը ցուցաբերեն ծրագիրին գործադրութեան համար:

Եւ կը սկսի աշխատանքը…

Նոյեմբեր 1997. Աթլեթիզմի յատուկ

Առաջին տարուան ընթացքին ԼԵՎԱՄ-ի մարզական խաղերը կը սկսին քրոս քաունթրիով:

«Խումբերը բաժնած էինք երեք դասակարգերու. մեծ, միջակ, պզտիկ: Այսօրուան պէս կը յիշեմ այն մեծ խանդավառութիւնը, որ կը տիրէր այդ խաղերուն ընթացքին», ուրախութեամբ կ՛ըսէ Վ. Էսկիպաշեան:

ԼԵՎԱՄ-ի խաղերուն շրջագիծին մէջ, քրոս քաունթրիէն բացի, կազմակերպուեցան նաեւ պասքեթպոլի, ֆութպոլի եւ փինկ-փոնկի մրցումներ:

Վ. Էսկիպաշեան կը նշէ, որ սկզբնական տարիներուն ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբը կիրարկած է նաեւ հեծելարշաւի եւ լողարշաւի մրցումներ: Ան կ՛աւելցնէ, թէ լողարշաւի մրցումները տեղի կ՛ունենային Շամունի դաշտին (մարզական աւան) մէջ, Յակոբ Գատեանի ճիգերով:

«Ապա այդ մրցումները շարունակուեցան ֆրանսական լողաւազանին մէջ. այդ լողաւազանը մեզի կը տրամադրուէր ձրիաբար: Առաջին երկու տարիներուն այնքան յաջող ընթացան այդ մրցումները, որ ստեղծեցին մեծ խանդավառութիւն: Եւ այդ խանդավառութեան իբրեւ արդիւնք` մենք քաջալերուեցանք եւ պատրաստուեցանք նոր խաղեր կազմակերպելու», կը յայտնէ Վ. Էսկիպաշեան:

1996. ՀՄԸՄ-ի Մայիսեան փառատօն

Ան կ՛ըսէ, թէ տասը տարիներ շարունակ հարիւր առ հարիւր ներդրում ունեցած է ԼԵՎԱՄ-ի բոլոր խաղերուն կազմակերպումի աշխատանքին մէջ: «Աթլեթիզմի մրցումներուն նախօրեակին, երկու օրուան տեւողութեամբ, դաշտերը կը գծէի, որպէսզի անոնք պատրաստ ըլլային համաշխարհային մակարդակի չափանիշներով: Աթլեթիզմի խաղերը կը տեւէին երկու շաբաթ: Իրողութիւնը այն է, որ ՀՄԸՄ-ի հանդէպ ունեցած մեր մեծ սիրոյ ուժով կ՛արհամարհէինք ամէն տեսակի յոգնութիւն ու դժուարութիւն եւ խաղերու աւարտին տուն կը վերադառնայինք հոգեկան անսահման գոհունակութեամբ», հպարտութեամբ կ՛ըսէ Վ. Էսկիպաշեան:

ԼԵՎԱՄ-ի խաղերուն ընթացքին տիրած խանդավառութեան մասին իր յիշատակներուն մէջ խուրասուզուելով` Վ. Էսկիպաշեան կը յիշէ, թէ օր մը պասքեթպոլի խաղի մը ընթացքին, երբ Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանը կը մրցէր այլ դպրոցի մը դէմ, յանկարծ գնդակը դուրս կ՛ելլէ եւ քոյր Աղւիդա, խաղի մթնոլորտէն տարուած, անզգալաբար գնդակը կ՛առնէ եւ կը վազէ դաշտ` օգնելու համար խումբին:

«Մեր օրերուն այնքան հաճելի էր դաշտը, ՀՄԸՄ-ը մեր տունը կը զգայինք: ԼԵՎԱՄ-ի աշխատանքները այնքան տպաւորած են զիս, որ ամբողջ կեանքիս ընթացքին չեմ կրնար բաժնուիլ անոր ձգած յիշատակներէն», կ՛ըսէ Վ. Էսկիպաշեան յուզումնախառն:

1997. Մայիսեան փառատօնին Վ. Էսկիպաշեան ԼԵՎԱՄ-ի վահանը կը յանձնէ յաղթական վարժարանին:

1972-ին Վ. Էսկիպաշեան մաս կը կազմէ ՀՄԸՄ-ի մարզական խորհուրդի մը, որ ստանձնած է ՀՄԸՄ-ի բոլոր մասնաճիւղերուն մէջ պասքեթպոլի եւ փինկ-փոնկի մարզախաղերուն կիրարկման հսկելու պարտականութիւնը:

14 նոյեմբեր 2008-ին, ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 90-ամեակին յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը Վ. Էսկիպաշեանը «Ծառայութեան» շքանշանով կը պարգեւատրէ:

«Երանի ԼԵՎԱՄ-ի առթած այդ երբեմնի խանդավառութիւնը միշտ վառ մնայ եւ աշակերտներուն մէջ ստեղծէ մրցակցութեան ազնիւ ոգին ու շարունակէ իր երթը», կը մաղթէ Վ. Էսկիպաշեան:

Ան կ՛աւելցնէ, որ ԼԵՎԱՄ-ը եղած է ՀՄԸՄ-ի բոլոր մարզախաղերուն աղբիւրը եւ ԼԵՎԱՄ-ին պատճառով ՀՄԸՄ ունեցած է նշանաւոր մարզիկ-մարզիկուհիներ` պասքեթպոլի, ֆութպոլի, փինկ-փոնկի թէ աթլեթիզմի խաղերուն պարագային:

«Դժբախտաբար Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը իր ժխտական անդրադարձը ունեցաւ, բայց եւ այնպէս ես շատ ուրախ եմ, որ տակաւին ԼԵՎԱՄ-ը իր առաքելութիւնը կը շարունակէ եւ ՀՄԸՄ-ի անունը կը յիշուի զանազան մարզախաղերու մէջ», կ՛ըսէ Վ. Էսկիպաշեան:

ԼԵՎԱՄ-ի իր փորձառութեան մասին պատմելու ընթացքին Վ. Էսկիպաշեանի աչքերուն փայլքը հետզհետէ կը զօրանայ` արտացոլացնելով իր մէջ գտնուող աշխատանքի եռանդը, որուն իբրեւ արդիւնք` ան կ՛ըսէ, թէ ինք պատրաստ է օժանդակելու աթլեթիզմին, որպէսզի ան վերադառնայ իր փառքի օրերուն: «Իմ երազս է, որ ԼԵՎԱՄ-ի քրոս քաունթրիի մրցումները կատարուին Այնճարի մէջ», կը նշէ ան:

Իսկ մենք, մեր կարգին կը հաստատենք, որ այնքան ատեն որ ՀՄԸՄ կայ, ԼԵՎԱՄ-ը պիտի մնայ եւ շարունակուի` անպայման իր նպատակին հասցնելով Վ. Էսկիպաշեանի եւ անոր նման եղբայրներուն գործը:

 

ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ՈՒ ՏԱՐԲԵՐ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԵՐՈՒ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ
ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԱՆՈՒԱՆԱՑԱՆԿԸ

 

2012 յունուարին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շրջանը իր 42-րդ Ներկայացուցչական ժողովին ընտրեց նոր Շրջանային վարչութիւն մը` հետեւեալ եղբայրներէն.-

Յակոբ Քէշիշեան
Հայկ Թապագեան
Վաչէ Նաճարեան
Նազօ Հապիպեան
Յովիկ Կէօզիւպէօյիւքեան
Տէյվիտ Մանուկեան
Յարութ Ալաճաճեան
Վրէժ Թազեան
Հրայր Ֆերմանեան
Րաֆֆի Մումջօղլեան
Յովսէփ Թիքիճեան

Շրջանային վարչութեան ընտրութենէն ետք ՀՄԸՄ-ի իւրաքանչիւր մասնաճիւղ ընտրեց իր վարչութիւնը: Ստորեւ կը ներկայացնենք նորընտիր վարչութիւնները.

ՀՄԸՄ ՊԷյրութի մասնաճիւղ

Վահան Համամճեան
Վահէ Պարսումեան
Վիգէն Մահտեսեան
Ռազմիկ Գարապաշեան
Անթիկ Մաւիսագալեան
Խաչիկ Ադամեան
Էլի Իշխանեան

ՀՄԸՄ Զահլէի մասնաճիւղ

Խաչիկ Առաքելեան
Սօսի Բալուլեան
Սիլվա Թոփուզեան

ՀՄԸՄ Այնճարի մասնաճիւղ

Յարութ Զատիկեան
Թինա Ադամեան
Կարպիս Քենտիրճեան
Մկօ Քենտիրճեան
Սեպուհ Պոյաճեան
Պօղոս Քենտիրճեան
Նայիրի Տումանեան

ՀՄԸՄ Ժունիէի մասնաճիւղ

Րաֆֆի Ատուրեան
Սիլվա Խաչերեան
Ալեք Խորշետեան
Վարդան Գսաճիքեան
Վահէ Խաչերեան
Գէորգ Գազանճեան
Պարոյր Գազանճեան

ՀՄԸՄ Ռաուտայի մասնաճիւղ

Կիրակոս Գարակէօզեան
Կարօ Պասմաճեան
Սարգիս Գինոսեան
Սեդօ Հաճիմանուկեան
Եսայի Մնասսա
Յակոբ Թաշճեան
Կարինէ Օհանեան

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղ

Ժաք Ղազարեան
Պաղտասար Յարութիւնեան
Սիլվա Պօղոսեան
Հրաչ Պոշնագեան
Սիմոն Պալապանեան
Եսայի Պոյաճեան
Գրիգոր Քէշիշեան

ՀՄԸՄ Թրիփոլիի մասնաճիւղ

Ժաք Պանկօ
Էտմոն Մազմանեան
Լիլիթ Նալպանտեան
Տարօն Կիրակոսեան
Գրիգոր Կիրակոսեան
Գրիգոր Յարութիւնեան
Նուպար Թայգալկրանեան

ՀՄԸՄ Պաուշրիէի մասնաճիւղ

Հայկ Պոչալեան
Լեւոն Փալանճեան
Գէորգ Տեմիրճեան
Յովսէփ Խաչերեան
Լեւոն Խաչերեան
Յովիկ Պոյաճեան
Փեկի Զենճիրճեան

ՀՄԸՄ Ժտէյտէի մասնաճիւղ

Հրայր Ինճէեան
Գէորգ Հաննէեան
Սալբի Սաղըրեան
Յովսէփ Համամճեան
Սեւակ Սարգիսեան

ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղ

Իշխան Եղիայեան
Խաչիկ Պէրպէրեան
Ճորճ Սապունճեան
Սագօ Գասապեան
Սագօ Մկրտիչեան
Յակոբ Ճերենեան
Արի Չէօրեքճեան
Ռոժէ Քէօրքիւնեան
Սանան Մարգարեան
Վրէժ Պոյաճեան
Լիւսի Սարգիսեան

 

ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

Share this Article
CATEGORIES