Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Գնահատէ 25-Ամեայ Վաստակը Երգչուհի Յասմիկ Պապեանին

Երէկ` հինգշաբթի, 12 ապրիլ 2012-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը երաժշտական մարզին մէջ միջազգային համբաւ վայելող երգչուհի Յասմիկ Պապեանին: Երգչուհիին կ՛ընկերանային Համազգայինի ու Բարեգործականի ներկայացուցիչները:

Վեհափառը գնահատեց երգչուհիին 25-ամեայ հարուստ վաստակը եւ իբրեւ իր գնահատանքի ու օրհնութեան արտայայտութիւն, անոր նուիրեց հայկական ոճով պատրաստուած խաչ մը: Յայտնենք, որ 2004 թուականին վեհափառը «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»-ի շքանշանով պարգեւատրած էր երգչուհին:

Յասմիկ Պապեան երկար տարիներէ ի վեր բնակութիւն հաստատած է Վիեննա, Աւստրիա, եւ մնայուն ներկայութիւն դարձած է միջազգային բեմերուն վրայ` իր մասնակցութիւնը բերելով համերգներու եւ օփերաներու: Ան յաճախակի առիթներով այցելած է Հայաստան եւ ելոյթներ ունեցած:

 

 

Share this Article
CATEGORIES