Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. «Տարեցներու Տեսողութեան Խանգարումներ» Նիւթով Դասախօսութիւն

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 11 ապրիլ 2012-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Տարեցներու տեսողութեան խանգարումներ» նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուց ակնաբուժ տոքթ. Գէորգ Թերզեան:

Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Յասմիկ Մկրեան: Ան ներկայացնելէ ետք դասախօսը նշեց, որ երբ անձ մը տարիքով կը յառաջանայ, բնականաբար ընդհանուր Ֆիզիքական իր կարողութիւնը պիտի նուազի, նոյնն է պարագան նաեւ տեսողութեան: Հետեւաբար, ներկայ զարգացած բժշկագիտութիւնը լաւապէս կրնայ ախտաճանաչում կատարելով բուժման միջոցներու դիմել:

Տոքթ. Գէորգ Թերզեան դասախօսութեան սկսաւ թուելով այն աչքի փոփոխութիւնները եւ հիւանդութիւնները, որոնք կը յատկանշուին յառաջացած տարիքին: Անոնք հետեւեալներն են.

1- Փրեսպայոփիա /Հեռատեսութիւն:  40 տարեկանէն վեր անձերու մօտ ի յայտ կու գայ, երբ աստիճանաբար աչքի մկանները կը կորսնցնեն իրենց առաձգականութիւնը եւ աչքը դժուարութիւն կ՛ունենայ կեդրոնացումի: Բժիշկի միջամտութեամբ եւ յատուկ ակնոցի գործածութեամբ կարելի է բարելաւել տեսողութիւնը:

2- Ֆլոթըրզ/ Կրկին տարիքի յառաջացումի արդիւնք, երբ տեսողութեան ընթացքին կը նկատուին ճանճի նման թռչող մարմիններ: Որքան թարթենք մեր աչքերը, այդքան արագ կը շարժին նման մարմինները: Ժամանակի ընթացքին աչքը ուղեղին հետ յարմարելով չի նկատեր նման մարմիններ:

3- Չոր աչք: 50 տարեկանէն վեր կը սկսի, երբ ենթական յաճախ կը գանգատի աչքի չորութենէ: Լաքրիմըլ արցունքի գեղձը, որ արցունք կ՛արտադրէ, տարեցներու մօտ արցունքի քանակը կը նուազեցնէ կամ բաղադրութիւնը կը փոխուի: Անհատը կը գանգատի այրուածքէ, եւ քերուըտուքէ: Այս երեւոյթը կարելի է բուժել գործածելով արուեստական արցունքի կաթիլներ:

Այլ պարագայ մըն է, երբ անհատը կը գանգատի թաց աչքերէ. յատկապէս զօրաւոր լոյսի կամ երկար պատկերասփիւռի առջեւ մնալու ու համակարգիչի գործածութեան պարագային վերոյիշեալ երեւոյթը ի յայտ կու գայ:

Շարունակելով դասախօսութիւնը` տոքթ. Գէորգ Թերզեան բացատրեց կապոյտ ջուրի պարագան:

4- Կապոյտ ջուրը Քաթարաքթ: Երբ աչքի ոսպնեակը աստիճանաբար կը կորսնցնէ իր թափանցիկութիւնը: Դասախօսը երկու նկարներու օժանդակութեամբ բացատրեց առողջ եւ կապոյտ ջուրով տառապող աչքն ու անոնց տարբերութիւնը:

Կապոյտ ջուրը յաճախ կը պատահի երկու աչքերուն պարագային, բայց ընդհանրապէս մէկ աչքի պարագային աւելի կը շեշտուի, քան միւսին: Բուժումը գործողութեամբ կարելի է` շատ արագ ու ապահով պայմաններով:

5- Սեւ ջուրը` Կլուքոմա: Ասիկա այն կացութիւնն է, երբ աչքի ջուրի բարձր գոյութիւնը կը բարձրացնէ աչքի ճնշումը` յաճախ վնաս հասցնելով աչքի տարբեր բաժիններուն: Այս ընթացքը աստիճանաբար ենթակային կը հասցնէ տեսողութեան կորուստի: Բուժման երկու միջոցներ գոյութիւն ունին.

ա.- Դեղօրայք- տարբեր կաթիլներու գործածութիւն:
բ.- Վիրահատութիւն:

Կաթիլներով կարելի է նուազեցնել աչքի ճնշումը, բայց երբ անիկա անկարելի կը դառնայ, այդ պարագային գործողութեամբ կարելի է բուժել տուեալ պարագան:

(ARMD) Age Related Mascular Degeneration – Աստիճանաբար զարգացող աչքի հիւանդութիւն մըն է, որ վնաս կը հասցնէ աչքի կիսաթափանց մաշկին: Յաճախ ցաւ չպատճառող երեւոյթ է տարեցներու մօտ: Ընդհանրապէս երկու աչքերն են, որոնք կը վնասուին նոյն ատեն կամ յաջորդաբար:

Այս աչքի հիւանդութեան պատճառները կրնան ըլլալ ժառանգական, ծխելը, ալքոլի գործածութիւնը, ոչ բաւարար սնունդը եւ ընդհանրապէս երակներու չորացումը:

Հիւանդութիւնը երկու տեսակի կրնայ ըլլալ` չոր եւ թաց: Չոր տեսակը աւելի տարածուած է եւ նուազ վնաս պատճառող: Իսկ թաց տեսակը` 20-30 առ հարիւր, ուր աչքը աւելի կը վնասուի: Այս պարագային նոր զարկերակներու յառաջացումը կը ծանրացնէ կացութիւնը: Տարբեր դեղերով կարելի է բուժել այս կացութիւնը:

Դասախօսութեան աւարտին տոքթ. Գէորգ Թերզեան պատասխանելով ներկաներուն հարցումներուն տուաւ յաւելեալ օրինակներ ու բացատրութիւններ:

 

Share this Article
CATEGORIES