«Դժբախտաբար Մերժեցինք Լիբանանի Առաջարկը» Ըսաւ Հայրապետեան

Ռուբէն Հայրապետեան

Ինչպէս ծանօթ է, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը նախորդ շաբաթ պաշտօնապէս դիմած էր Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին` անոր առաջարկելով յառաջիկայ 19 կամ 20 մայիսին Պէյրութի մէջ երկու երկիրներու ֆութպոլի ազգային խումբերուն միջեւ բարեկամական մրցում կատարել:

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեան երէկ իր տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ըսաւ, որ այս առաջարկը դժբախտաբար մերժուեցաւ:

«Դժբախտաբար մերժեցինք Լիբանանի առաջարկը, որովհետեւ մեր հաւաքականը ազատ տեղ չունի բարեկամական այդ մրցումին համար: Մենք պիտի մրցինք Յունաստանի եւ Ղազախստանի դէմ: Հակառակ Լիբանանէն բազմաթիւ նամակներ ստանալուս, այդ մէկը տեղի պիտի չունենայ, թէեւ ամէն գնով կը փափաքէինք հայաշատ քաղաքներու մէջ կատարել մեր մրցումները: Կրնայ պատահիլ, որ յառաջիկային մրցում կատարենք Լիբանանի դէմ, սակայն այս տարի` ոչ», ըսաւ Հայրապետեան:

Իր տուած երէկուան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Հայրապետեան նաեւ ըսաւ. «Այս տարի Հայաստան պիտի ժամանէ Եու. Է. Էֆ. Ա.ի նախագահ Միշել Փլաթինի: Ան յառաջիկայ հոկտեմբերին Երեւանի մէջ պիտի մասնակցի խորհրդաժողովի մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 13-14 երկիրներու ֆութպոլի ֆետերասիոններու նախագահները»:

 

Share this Article
CATEGORIES