Ճատրակ. Պէյրութի 5-րդ Միջազգային Բաց Մրցաշարքը Սկսաւ
Նախանցեալ օր, Ֆրերներու վարժարանին մէջ սկսաւ Պէյրութի 5-րդ միջազգային բաց մրցաշարքը` մասնակցութեամբ 84 ճատրակ խաղացողներու: Մրցաշարքը, որ սկսաւ 11 ապրիլին, պիտի աւարտի 19 ապրիլին, երբ ամբողջացած ըլլայ 9 հանգրուան ընդգրկող այս մրցաշարքը:
Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ հայեր: Հայաստանէն ժամանած է կրանտմասթըր Տիգրան Քոթանճեան, որ նախապէս այլ առիթներով Լիբանան գտնուած է: Մասնակցողներուն կարգին են նաեւ` Րաֆֆի Ճիկերեան, Ռազմիկ եւ Ժիրայր Օգնայեան եղբայրները, Աբիկ Աբրահամեան եւ Հրակ Գըլըպոզեան:
Մրցաշարքին գլխաւոր իրաւարարն է Հուսան Թուրտիալիեւ (Ուզպեքիստան), իսկ անոր օգնականը` Ժաք Պետրոսեան (Լիբանան):
Մրցաշարքին յատկացուած ընդհանուր գումարն է 6600 ամերիկեան տոլար: Իւրաքանչիւր մրցումի ժամանակ ճշդուած է մէկուկէս ժամ, որմէ ետք իւրաքանչիւր շարժումի համար կ՛աւելնայ 30 երկվայրկեան, ըստ Ֆիշըրի օրէնքին:
Նշենք, որ իւրաքանչիւր օր տեղի ունենալիք մրցումները (առանց օրուան մը դադարի) ընդհանրապէս կը սկսին ժամը 18:30-ին:

