Պունտըսլիկա. «Պայքարը Ցարդ Աւարտած Չէ» Կը Զգուշացնէ Տորթմունտ

Միքայէլ Զորք

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան (Պունտըսլիկա) 30-րդ հանգրուանի գագաթի ճակատումին, հակառակ անոր որ պարագլուխի դիրքը գրաւող Պորուսիա Տորթմունտ 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր անմիջական մրցակիցը` 2-րդ դիրքը գրաւող Պայէրն Միւնիխը, սակայն Տորթմունտի թեքնիք տնօրէն Միքայէլ Զորք զգուշացուց ըսելով, որ ախոյեանութեան տիտղոսին տիրանալու համար պայքարը ցարդ աւարտած չէ:

Ախոյեանութեան աւարտէն 4 հանգրուան առաջ, այժմ Տորթմունտ վեց կէտով կը գերազանցէ Պայէրնը: Սակայն հակառակ ատոր, Զորք կը պնդէ ըսելով, որ պէտք է սպասել մինչեւ ախոյեանութեան աւարտը:

Տորթմունտի եւ մրցումին միակ կոլը նշանակեց Ռոպերթ Լեվանտովսքի (77-րդ), մինչ Պայէրնէն Արժեն Ռոպեն, 85-րդ վայրկեանին, իր կազմին ի նպաստ տրուած փենալթի չկրցաւ կոլի վերածել:

Այսօր` ուրբաթ, 13 ապրիլին, Շթութկարթ – Վերտըր Պրեմըն բացման մրցումով կը սկսի 31-րդ հանգրուանը:

Ստորեւ կու տանք 31-րդ հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն մէջ նշուած են խումբերուն գրաւած դիրքերը).

ԱՅՍՕՐ
Շթութկարթ (5) – Վերտըր Պրեմըն (8) 21:30

ՇԱԲԱԹ
Պայէր Լեւերքուզըն (6) – Հերթա Պերլին (17) 16:30
Համպուրկ (14) – Հանովըր-96 (7) 16:30
Քայզըրսլաութըրն (18) – Նիւրեմպերկ (12) 16:30
Շալքէ (3) – Պորուսիա Տորթմունտ (1) 16:30
Վոլֆսպուրկ (10) – Օկզպուրկ (15) 16:30
Պայէրն Միւնիխ (2) – Մայնց-05 (11) 19:30

ԿԻՐԱԿԻ
Մէօնշընկլատպախ (4) – Քէօլն (16) 16:30
Ֆրայպուրկ (13) – Հոֆընհայմ (9) 18:30

 

Share this Article
CATEGORIES