Կիրակի, 6 Մայիսին «Թրիաթլոն – Լիբանան» Անունը Կրող Մրցաշարք` Ժունիէի Մէջ
Հսկողութեամբ Լիբանանի Թրիաթլոնի ֆետերասիոնին եւ գործակցութեամբ «Էլիթ» ակումբին, Նեժիպ Նասր կիրակի, 6 մայիսին կը կազմակերպէ Թրիաթլոնի մրցաշարք մը` «Թրիաթլոն – Լիբանան» անունին տակ: Անիկա տեղի պիտի ունենայ Ժունիէի մէջ:
Անիկա պիտի ընդգրկէ երեք տեսակի հետեւեալ մարզաձեւերը. 1,5 քմ լողարշաւ` «Կրին Պիչ-ի համալիրին մէջ (Մաամըլթէյն), 40 քմ հեծելարշաւ` Ժունիէի Թապարժա (իւրաքանչիւր 10 քմ-ը պիտի կրկնուի չորս անգամ) եւ 10 քմ վազք` Ժունիէէն Թապարժա:
Տեղի ունենալիք տղոց եւ աղջկանց Թրիաթլոնի այս մրցաշարքին կարելի է մասնակցիլ անհատաբար եւ կամ խմբային դրութեամբ` երկու կամ երեք անձով:
Աւարտին տեղի պիտի ունենայ բաժակներու եւ մետալներու տուչութիւն:
Բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին մրցաշարքին մասնակցիլ, իրենց անունները արձանագրելու համար պէտք է հեռաձայնեն 03-341245 թիւին:

