Հայկական Ֆութպոլ. Շիրակ – Իմփուլս Աւարտական` Յառաջիկայ 29 Ապրիլին

Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի դարձի մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, յստակացան աւարտական հանգրուանի իրենց տոմսերը ապահովող երկու խումբերուն անունները.

Շիրակ եւ Իմփուլս, որոնք ապահովեցին աւարտականի իրենց տոմսերը, յառաջիկայ 29 ապրիլին Գիւմրիի մէջ կը ճակատին իրարու դէմ:

Թէեւ երթին Միքս 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր, սակայն նկատի ունենալով, որ երէկ Շիրակ Միքայի դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց, ինք եղաւ աւարտական հանգրուան հասնողը: Արթուր Ադամեան նշանակեց Միքայի կոլը (54-րդ), իսկ Թամէ Տիոպ` Շիրակի կոլերը (71-րդ եւ 79-րդ):

Ինչ կը վերաբերի կիսաւարտականի միւս հանդիպումին, թէեւ Ուլիս – Իմփուլս մրցումը աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով, սակայն Իմփուլս ինք եղաւ աւարտականի տոմսը ապահովողը, որովհետեւ երթին իր դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր:

 

Share this Article
CATEGORIES