16 Տարեկանէն Վար Կրտսերներու Ֆութպոլի Մրցաշարք. Հայաստան Կը Մասնակցի Վրաստանի Մրցաշարքին
Հովանաւորութեամբ Եու. Է. Էֆ. Ա.ին եւ կազմակերպութեամբ Վրաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին, 15-17 ապրիլին Թիֆլիսի մէջ տեղի պիտի ունենայ տղոց եւ աղջկանց 16 տարեկանէն վար կրտսերներու ֆութպոլի ազգային խումբերու մրցաշարք մը:
Հայաստան, որ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ միայն տղոց խումբով, 15 ապրիլին պիտի մրցի Վրաստանի դէմ: Կիսաւարտականի երկրորդ մրցումը իրարու դէմ պիտի հանէ Ղազախստանը եւ Թուրքիան:
Յաղթականները 17 ապրիլի աւարտական մրցումին կը ճակատին իրարու դէմ, մինչ պարտուողները նոյն օրը երրորդ դիրքի մրցումին իրարու դէմ կը ճակատին:
CATEGORIES Մարզական

