Ճատրակ. Հայրենի 8 Վարպետներ Պիտի Մասնակցին Տուպայի Մրցաշարքին
Յառաջիկայ 15-24 ապրիլին տեղի պիտի ունենայ Տուպայի (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) ճատրակի 14-րդ միջազգային մրցաշարքը, որ կ՛ընդգրկէ 9 հանգրուանի մրցումներ:
Այս մրցաշարքին Հայաստանէն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն հետեւեալ վարպետները` Վլատիմիր Յակոբեան, Տիգրան Լ. Պետրոսեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Զաւէն Անդրէասեան, Աւետիք Գրիգորեան, Դաւիթ Պետրոսեան, Կարէն Գրիգորեան եւ Վահէ Պաղտասարեան:
Տիտղոսին տիրացողը պիտի ստանայ 10 հազար ամերիկեան տոլար, մինչ յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւողները պիտի ստանան 7 եւ 4 հազար ամերիկեան տոլար:
CATEGORIES Մարզական

