Էն. Պի. Էյ.- Քլիփըրզ Յաղթեց Օքլահոմայի` 100-98 Արդիւնքով

Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան գծով տեղի ունեցած երէկուան 11 ճակատումներէն երկուքը աւարտեցան երկարաձգումէն ետք:

Լոս Անճելըս Քլիփըրզ Օքլահոմա Սիթիի դէմ իր յաղթանակը արձանագրեց (100-98) մրցումին վերջին ութ երկվայրկեանին, երբ Քրիս Փոլ նշանակեց իր կազմին յաղթանակի կողովը (ան ընդամէնը նշանակեց 31 կէտ): Քեւին Տիւրընթ (Օքլահոմա) նշանակեց 22 կէտ:

Ստորեւ կու տանք երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Ինտիանա Փէյսըրզ 98-104
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ 75-93
Պոսթըն Սելթիքս – Աթլանթա Հոքս 88-86
Նիւ Օրլինզ – Սաքրամենթօ Քինկզ 105-96
Հիուսթըն Ռոքեթց – Եութա Ճեզ 91-103
Միլուոքի Պաքս – Նիւ Եորք Նիքս 107-111
Օքլահոմա Սիթի – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 98-100
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Ֆէոնիքս Սանզ 104-93
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 84-98
Տենվըր Նակեթց – Մինեսոթա Վուլվզ 113-107
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 118-110

Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.

Շարլոթ Հոռնեթց – Տիթրոյիթ Փիսթընզ
Շիքակօ Պուլզ – Մայեմի Հիթ
Մինեսոթա Վուլվզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Տալաս Մավըրիքս

 

 

Share this Article
CATEGORIES