Թենիս. Նատալ Եւ Տիոքովիչ Պիտի Փորձեն Մրցանիշ Հաստատել

Թենիսի երկու աստղեր` սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ եւ սերպ Նովաք Տիոքովիչ, պիտի փորձեն աշխարհի նոր մրցանիշ մը հաստատել, երբ յառաջիկայ 14 յուլիսին թենիսի բարեսիրական մրցումի մը ընթացքին ճակատին իրարու դէմ` Ռէալ Մատրիտի «Սանթիակօ Պեռնապէօ» դաշտին վրայ:

Ինը անգամ Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացած Ռէալ Մատրիտի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ. «Թենիսի մրցումի մը նոր մրցանիշի հաստատումը կը փափաքինք, որ տեղի ունենայ մեր դաշտին վրայ, որ կրնայ հիւրընկալել 80 հազար հանդիսատես»:

Նշենք, որ Նատալ Ռէալ Մատրիտի ֆութպոլի համակիր է, մինչ Տիոքովիչ Մատրիտի Մասթըրզի թենիսի մրցաշարքին ընթացքին առիթով մը հագած է Ռէալ Մատրիտի ֆութպոլի շապիկը:

 

Share this Article
CATEGORIES