Տեսակէտ. Համայնքային Լարուածութիւնները Բացառող Պետութեան Մը Կերտման Համար

ԺԱՔ Յ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Այսօր կը զուգադիպի լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի սկզբնաւորման 37-ամեակին, պատերազմ մը, որ տեւեց 15 տարի, բայց որուն հետեւանքները տակաւին զգալի են լիբանանցիներու առօրեայ կեանքին մէջ: Վերացած են լիբանանեան զանազան շրջանները եւ համայնքները իրարմէ բաժնող ճակատային գիծերը, սակայն այդ գիծերը, պատնէշները տակաւին կը յամենան մարդոց հոգիներուն եւ մտքերուն մէջ` ամէն վայրկեան սպառնալով երկիրը մտցնել համայնքային բնոյթի նոր արկածախնդրութիւններու մէջ:

Քաղաքական վերլուծաբաններէն ոմանք լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմը բնութագրեցին իբրեւ «ուրիշներուն պատերազմը մեր հողին վրայ»` անտեսելով այն իրականութիւնը, որ այդ պատերազմի ե՛ւ կոյր գործիքները, ե՛ւ «փայտերը» լիբանանցի սովորական քաղաքացիներն էին` զանազան համայնքային պատկանելիութիւններէ եկած եւ իրենց աւանդական, աւատատիրական-քաղաքական ղեկավարութիւններու ցուցմունքներէն կուրացած:

Լիբանանը բացառիկ եւ իւրայատուկ երկիր է իր բազմազանութեամբ: Այդտեղ իտէալ ապաստան գտած են ազատութիւն տենչացած կրօնական եւ ազգային փոքրամասնութիւնները` ստեղծելով համակեցութեան իւրատեսակ խճանկար մը, որ եզակի է ամբողջ աշխարհի տարածքին: Այս խճանկարը, սակայն, իր պարփակած դրական երեւոյթներով հանդերձ, իր մէջ ի սկզբանէ ներառած է ինքնակործանման սերմերը:

Լիբանանի մէջ համայնքային դրութեան պատմութիւնը կը սկսի 1840-ական թուականներէն, երբ տակաւին Լիբանան գոյութիւն չունէր իր ներկայ աշխարհագրական տարածքով եւ կը սահմանափակուէր Լեռնալիբանանի տարածքին մէջ: 1845-էն ի վեր ամէն 15-20 տարին անգամ մը համայնքային եւ նեղ հատուածական բնոյթի ծանր բախումներու թատերաբեմ դարձած է այս երկիրը` յաճախ օտար միջամտութիւններու պատճառով, բայց նաեւ ներքին վարչակառավարման համակարգի, իմա` համայնքային դրութեան իբրեւ հետեւանք, դրութիւն մը, որ այս երկրին ժառանգ մնացած է օսմանեան «միլլեթներու» համակարգէն:

Այո՛, այս դրութիւնը պատմութեան ընթացքին որոշ երաշխիքներ տուած է համայնքներուն` իրենց ազատութիւնը եւ իւրայատկութիւնը պահպանելու, երկրին կառավարման աշխատանքին մէջ մասնակցութեան չափաբաժին ունենալու իմաստով, բայց միեւնոյն ժամանակ իր ներքին հակասութիւններուն պատճառով սպառնացած է վերջ տալ Լիբանանի` բազմազանութեամբ օժտուած պատգամի երկիր ըլլալու կարգավիճակին: Ասիկա կը ստեղծէ մնայուն ներքին վախ մը լիբանանցիներուն միջեւ: Մարոնին կը վախնայ իր համաքաղաքացի սիւննիէն, սիւննին` շիիէն, շիին` տիւրզիէն, եւ հակառակը:

Այս ընդհանուր վախի մթնոլորտին մէջ ամէն մէկ համայնք կը ձգտի ամրապնդել իր լծակները երկրին վարչակառավարական համակարգին մէջ, եւ ինչու չէ, նաեւ ոտնձգութիւններ գործել ուրիշ համայնքներու լծակներուն հաշուոյն: Այս իմաստով բոլորն ալ կը յիշեն նախքան լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմը գոյութիւն ունեցած կացութիւնը, երբ մարոնի քրիստոնեաները վարչակառավարական լծակներու իմաստով գերակշռող եւ մենաշնորհեալ դիրքեր ունէին:

Ի գին 200 հազար զոհի մղուած քաղաքացիական արիւնալի պատերազմին իբրեւ հետեւանք ստորագրուած Թաէֆի համաձայնութեամբ գոնէ տեսականօրէն կառավարման վերջին օղակներուն մէջ ստեղծուեցաւ հաւասարութիւն քրիստոնեաներուն եւ իսլամներուն միջեւ: Տեսականօրէն կ՛ըսենք, որովհետեւ այս անգամ ընդհանրապէս քրիստոնեաները իրենք զիրենք մեկուսացած, լուսանցքայնացած սկսան զգալ այս երկրին մէջ: Իսկ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութենէն ետք ալ համայնքային լուռ տագնապի եւ լարուածութեան նոր հանգրուանը սկսաւ Լիբանանի մէջ` այս անգամ սիւննիներուն եւ շիիներուն միջեւ:

Կարգ մը վերլուծաբաններ զաւեշտականօրէն լիբանանեան համայնքային դրութեան կու տան «դրական խտրականութիւն» սահմանումը` անտեսելով այն իրականութիւնը, որ խտրականութիւնը չի կրնար դրական ըլլալ երբեք: Այսօր ալ, որեւէ ժամանակէ աւելի, համայնքային դրութեան ներքին հակասութիւնները` ընկերանալով շրջանային եւ միջազգային ազդակներուն, կը սպառնան լիբանանեան հողին վրայ կրկնել 13 ապրիլ 1975-ին սկսած քաղաքացիական արիւնալի պատերազմը: Օրէ օր համայնքային եւ կրօնական մոլեռանդութեան աճող երեւոյթներու ականատես կը դառնանք: Երեւոյթներ, որոնք այդքան ալ լաւատեսութիւն չեն ներշնչեր:

Ի՞նչ է այն իտէալ լուծումը, որպէսզի լիբանանցիք չներքաշուին նոր արիւնահեղութեան մէջ: Վստահ դեղահատը չէ: Վստահ կրօնական յաւելեալ մոլեռանդութիւն չէ, այլ` չափաւորականութիւնը: Նախ, լիբանանցին անհրաժեշտ է, որ հասնի այն գիտակցութեան, որ պետութեան հետ իր կապը կ՛իրականանայ ոչ թէ այն սկզբունքով, որ ինք այսինչ կամ այնինչ համայնքի զաւակ է, այլ` այս պետութեան լիիրաւ քաղաքացին ըլլալու խոր հասկացողութեամբ:

Մանաւանդ ժամանակը հասած է այլեւս, որ լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմին վերջ տուած Թաէֆի համաձայնագիրը շարունակէ գործադրուիլ` վերացնելով քաղաքացիական անվտանգութեան սպառնացող դրդապատճառները: Սահմանադրութեան ամբողջական կիրարկումը կ՛ենթադրէ հաւասարակշռուած բարգաւաճում` լիբանանեան զանազան շրջաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ վարչական լայն ապակեդրոնացում` այդ բարգաւաճումը կիրարկելի դարձնելու համար: Սահմանադրութեան գործադրութիւնը կ՛ենթադրէ նաեւ լիբանանցիներուն միջեւ քաղաքացիական նոր ուխտի հաստատում, ուխտ մը, որուն միջոցով կարելի ըլլայ մտածել համայնքային ներկայ դրութեան շրջանցման մասին:

Լիբանանցիք պէտք է ձերբազատին այն մնայուն սարսափէն, որ չըլլայ թէ քրիստոնեաները կամ իսլամները մէկզմէկու իրաւունքները խլեն: Այս սարսափը պատճառ կրնայ դառնալ քաղաքացիական նոր պատերազմներու: Լիբանանցիք կարիքը ունին համայնքային դրութիւնը շրջանցելով ստեղծելու էապէս ժողովրդավար, աշխարհիկ եւ քաղաքացիական պետութիւն մը, ուր յարգուած ըլլայ կրօնի` խղճի ազատութիւնը եւ երաշխաւորուած ըլլայ այլազանութիւնը:

Միայն այս միջոցով է, որ Լիբանան նոր արհաւիրքներէ խուսափած կ՛ըլլայ:

Լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի 37-ամեակին յիշենք այդ արհաւիրքը, որպէսզի անգամ մը եւս չկրկնուի: Այո՛, թող յիշուի… որպէսզի չկրկնուի, որպէսզի լիբանանցին կերտէ իրեն արժանի պետութիւնը` էապէս ժողովրդավար, աշխարհիկ եւ քաղաքացիական արդի պետութիւնը` հեռու մնայուն լարուածութիւններ եւ բախումներ հրահրող, լիբանանցիներուն միջեւ խտրականութիւն սերմանող համայնքային դրութենէն:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES