Ամերիկա, Ամերիկա… «Երազ Եւ Խորտակման Լքումներ» (Վէպ). (Յակոբ Պալեան)

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՒ. ՍՐԿ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ

Ներկայիս մեր հայ իրականութեան մէջ նորութիւն մը չէ արտագաղթի երեւոյթը. բայց թիւը անսպասելիօրէն աճած է: Արեւելքի մէջ, երբ դժուարութիւններն ու անկարգութիւնները բազմաթիւ են, մարդիկ կ՛ուզեն տեղափոխուիլ: Իսկ երբեմն, բարձր ուսում ստանալու եւ բարձր դիրքերու հասնելու համար կը լքեն իրենց տունը եւ կը հասնին անծանօթ աշխարհ մը, ուր օտարութիւնը ցեցի պէս կը սպասէ…

Երբ մանաւանդ արհեստագիտութիւնը տիրական ներկայութիւն է մեր կեանքին մէջ, «հեռուէն թմբուկի անուշ ձայներ կը հնչեցնէ»: Ամերիկայի պէս երկիր մը կեանքը վարդագոյն է, գործը` կանաչ, իսկ` վայելքը ծիածանագոյն: Եւ ինչո՞ւ չձգել «աղտոտ» երկիր մը եւ չերթալ այդ «եդեմի կանաչ պարտէզ»-ը:

Յակոբ Պալեանի Ամերիկա, Ամերիկա… «Երազ եւ խորտակման լքումներ» գիրքը, 208 էջերու մէջ կը ներկայացնէ գրեթէ ամբողջ կեանք մը: Երիտասարդ մը, որ իր երազը կերտելու համար ուսուցիչի մը աջակցութեամբ կը մեկնի Ամերիկա: Կը հանդիպի դէմքերու, դէպքերու, յաջողութիւններու, բայց գեղեցիկ թուող կեանքը իր խորտակումներով զինք ծունկի կը բերէ` իսկական երազները ետին ձգելով եւ տեղը խաբկանք բերելով: Անձեր կու գան ու կ՛երթան, եւ ինք կը մնայ առանձին, օտարութեան մէջ: Կեանք կերտող տոլարին դատարկութիւնը իրեն կը պարզուի:

Գեղեցիկ եւ միաժամանակ հեզասահ լեզուով ու ոճով գրուած այս վէպը բոլոր դասակարգի անհատներու համար դիւրահասկնալի է: Հեղինակը իր գործը զերծ պահած է հանապազօրեայ ոչ օգտագործելի բառերէն, ինչ որ կ՛ենթադրէ յստակ նպատակ մը, որ է` իսկական կեանքի մը ներկայացումով զգուշացնել հայ երիտասարդը օտարայնացումէն:

Կ՛ուզեմ անդրադառնալ այս ախորժաբեր գիրքէն ենթագիտակցութեանս մէջ տպաւորուած երեք իրականութիւններուն.

1. Հսկայական Ամերիկան, որ սիրով կ՛ընդունի ուսումնատենչ, աշխատասէր երիտասարդներն ու ընտանիքները եւ կը խոստանայ յաջողութիւն, կեանք, վայելք ու երազանք, խոտոր կը համեմատի իրականութեան հետ: Հաւանաբար յաջողութիւն եւ գործ կ՛ապահովէ անհատին, բայց առանց խնայելու կը թալանէ մարդուն ինքնութիւնը: Ամերիկան միջազգային երկիր մըն է, ուր իւրաքանչիւր անհատի ինքնութիւնն ու կրօնը կը յարգուի՞: Հաւանաբար սրբագրութեան կը կարօտի: Ամերիկան Ամերիկա է, ուր գացողը անպայման անուղղակիօրէն պէտք է ամերիկայնանայ: Արեւելքի քաղցր աւանդութիւններն ու սովորութիւնները, որոնք յետամնացութեան երեւոյթներ չեն, այլ` ինքնապահպանումի (ազգապահպանումի) եւ նկարագրի մաս կազմող: Ամերիկեան կեանքին մաս կազմողը, անգիտակցօրէն թէ գիտակցօրէն կը մոռնայ հայկական աւանդութիւնները, սրբութիւնները, կրօնաբարոյական սկզբունքները եւ նոյնիսկ` լեզուն: Ուրիշ խօսքով` հայ ըլլալէ դադրիլ եւ ապրիլ սոսկ հայկական անուն-մականունով, բայց` ամերիկեան առոգանութեամբ: Այս մէկը կ՛իրագործուի յատկապէս օտար ամուսնութեամբ: Հեղինակին արդար շեշտը շատ զգալի է այս կէտին վրայ, որովհետեւ ազգակործանման մարտահրաւէր մըն է օտար ամուսնութիւնը:

2. Հայկականութեան տենչը այնքան հզօր իրականութիւն է, որ դժուար կը հանդուրժէ օտարամոլութիւնը: Հերոսը չէ՛ր, որ կացութեան հետ չկրցաւ հաշտուիլ, այլ նոյնինքն` այդ թաքուն տենչը: Հաւանաբար անձը կրնար նուաճուիլ, բայց ՀԱՅ ՈԳԻն անյաղթ տենչ մըն է: Երբեք ենթական հանգիստ չձգեց: Նոյնիսկ օտարութեան մէջ հայկականութեան օրրան հայկական եկեղեցի մը կը փնտռէր: Սակայն, դժբախտաբար, փառքն ու մթնոլորտը այնքան շլացուցած էին վէպին հերոսը, որ հակառակ այդ բոլոր ապրած թշուառ իրականութեան, չմտածեց վերադառնալ իր հարազատներուն եւ միջավայրին: Հաւանաբար այդ վերադարձը զինք կեանքի պիտի կոչէր, սակայն իր յոյսը դրաւ իր դէմ ելած խաբկանքներու վրայ: Իր դիւրաբեկ հիմերուն վրայ փորձեց երազ մը կերտել, բայց դժբախտութիւններ կուտակուեցան անոր կեանքին վրայ: Միայն յիշատակներն էին, որոնք կը կենդանանային երազներուն եւ մտածումներուն մէջ: Ամերիկա, ուր փառքն ու ճոխութիւնը շպարուած կնոջ պէս կը հմայեն, այդ ճոխութենէն պարզ կեանքի՞ն պիտի վերադառնար…

3. Հերոսին կեանքի վերջին շրջանին ամայութիւնը սեւ ծուխի պէս տիրական էր: Օտարութեան ու առանձնութեան մէջ իր անդաւաճան ընկերը կը դառնայ հայ գիրքը, որ միեւնոյն ժամանակ հերոսը փրկողը կ՛ըլլայ ժամանակի եւ առանձնութեան դաժան դանակէն: Հայ ընկերոջ մը պէս հայ գիրքը ներկայութիւն դարձաւ Լեւոնին տան ու գրասենեակին մէջ: Շատ յաճախ մեր հայ իրականութեան մէջ հայ գիրքին հանդէպ մտերմութիւնն ու վստահութիւնը նուազած է: Սակայն այս վէպը կը վկայէ այն իրականութեան մասին, թէ գիրքը դժուար կացութենէ փրկող էութիւն մըն է: Այս մէկը կարելի չէ հասկնալ, երբ չենք համտեսած հայ գիրքին քաղցր մտերմութիւնը, կամ երբ չենք գտնուած նոյնպիսի կացութեան մը առջեւ:

Այս վէպը դասագիրքէ մը աւելի դասագիրք մըն է, որ կը պարզէ իրականութիւն մը: Ներկայացուած կեանքէն շատ բան կարելի է առնել, որպէսզի ճակատագրակից ըլլալու դժբախտութիւնը չստեղծուի: Գիրքին նպատակը դէպի Ամերիկա քայլերը կասեցնել չէ, այլ զգուշացում մըն է օտարայնացումէն: Անպայմանօրէն Արեւմուտք երթալով չէ, որ կ՛իրականացուի օտարայնացումը, փաստօրէն Արեւելքի մէջ եւս` մեր հայ իրականութեան մէջ արտակարգ աճ մը արձանագրուած է:

Ինծի թող ներուի ըսել, թէ կարգ մը բաժիններ գիրքին մէջ, որ մարդուն կեանքին անկիւնադարձ դէպքերը կը նկատուին (ամուսնութիւն, զաւակներուն ծնունդ եւլն.), ուր հեղինակը հպանցիկօրէն գրի առած է, պէտք էին աւելի մանրամասնուէին, որպէսզի ընթերցողը առաւել եւս յագենար: Հաւանաբար հեղինակը իր մտահոգութիւններէն մղուած` դիտումնաւոր այդպէս գրած է, ինչ որ յարգելի է:

Գիրքին համազօր առաքելութեամբ, նաեւ տեղ կը գտնէ գիրքին կողքը, որ է արուեստագէտ Արա Ազատին ստեղծագործութիւնը: Ստեղծագործութիւնը ինք եւս վկայ մը կը դառնայ գրուած իրականութեան, որովհետեւ արուեստագէտին փորձառութիւնը կը պարզուի նկարին մէջ: Արուեստի գործը կը ձայնակցի գրողին` ըսելով, որ այս է Ամերիկան (օտարայնացումը) իր «Երազ եւ խորտակման լքում»-ներով: Անբուժելի վէրքեր եւ անվերադարձ քայլեր…

Համեստութեամբ կ՛ուզեմ արձանագրել շնորհաւորութիւններս գրողին, արուեստագէտին եւ բոլոր անոնց, որոնք այս գործը իրականացնելու համար աշխատեցան եւ կը մաղթեմ, որ իրենց նպատակին հասնին` նպաստ բերելով հայ գաղութներէն ներս:

Դպրեվանք, Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ

Share this Article
CATEGORIES