«Հայերը Օսմանեան Կայսրութեան Մէջ». Հատընտիր Մը Եւ Նկարչական Պատմութիւն Մը

ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

2011-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի տպարանէն լոյս տեսաւ տոքթ. Ժոզեֆ Մալիքեանի «Հայերը Օսմանեան կայսրութեան մէջ» խորագրեալ պատմագիտական ուսումնասիրութիւնը` մեկենասութեամբ «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկութեան եւ «Խաչիկ Պապիկեան» գրական ֆոնտին:

Անգլերէնով գրուած սոյն հրատարակութիւնը կը բաղկանայ 352 մեծադիր, գեղակազմ եւ պատկերազարդ էջերէ եւ կը բովանդակէ հետեւեալ հինգ գլխաւոր բաժինները. «Հայերը», «Օսմանեան վարչութիւնը», «Հայկական ջարդերը (1895-1909)», «1915 թուի Հայոց ցեղասպանութիւնը» եւ «Ջարդերէն եւ ցեղասպանութենէն ետք: Հայ ոգին եւ վերապրելու կամքը»:

Հեղինակը` տոքթ. Ժոզեֆ Մալիքեան, արհեստով հոգեբան մըն է, որ կ՛ապրի Նիւ Եորք, ուր կ՛ուսումնասիրէ Օսմանեան կայսրութեան դարաշրջանի վերաբերեալ հնարժէք լուսանկարներ:

Թրքահայերու կեանքին եւ գործունէութեան յատկացուած վերոյիշեալ գործը մաս կը կազմէ պատմագրական համեմատաբար լայն եւ ընդարձակ ծրագրի մը, որ կը քննարկէ այն յատկանիշներն ու պայքարները, որոնք տեղի ունեցան 1865-1920 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան մէջ բնակող այլազան ցեղերու եւ կրօնական խմբաւորումներու միջեւ:

Արդարեւ, տոքթ. Ժոզեֆ Մալիքեանի գործը ունի իւրայատուկ արժանիք այն իմաստով, որ ան կը ներկայացնէ հայ ազգի տառապակոծ կեանքին ոդիսականը իր պատմական ճշգրիտ յղացքով եւ առարկայական տուեալներով:

Այս իւրայատկութեամբ, սոյն հատորը հանդիսարանն է այն մեծանուն արուեստագէտներուն, քաղաքագէտներուն, պատմաբաններուն եւ միջազգային գրականութեան մէջ ճանաչում գտած գրողներու, որոնց խոհական մտածումներէն եւ կարծիքներէն մէջբերումներ կատարելով` տոքթ. Ժոզեֆ Մալիքեան կը ներկայացնէ եղերական ճշմարտութեամբ հիմնաւորուած վկայութիւններ, որոնք ապացոյցը կը հանդիսանան պապենական իր հողերուն նկատմամբ հայ ժողովուրդին արդար պահանջատիրութեան:

Այսպէս, ակնարկելով 1915 թուի Հայոց ցեղասպանութեան եւ բազմահազար հայերու նահատակութեան` Ուիլիըմ Սարոյեան կ՛ըսէ, թէ հայ ժողովուրդը օժտուած է գոյատեւելու ներգոյակ զօրութեամբ: Շեշտելով այս իրողութիւնը` Սարոյեան կ՛ըսէ, թէ ոսոխներ որքան ալ փորձեն դժոխային տանջանքներու ենթարկել հայ ազգի զաւակները եւ փորձեն մոխրակոյտի վերածել անոնց շէներն ու սրբավայրերը, աշխարհիս վրայ պիտի գտնուին առնուազն երկու հայեր, որոնք իրենց հայրենի երկրի աւերակներուն վրայ պիտի կերտեն նոր Հայաստան մը` ապագայի լուսապայծառ հաւատքով հզօրացած…

Ինչ կը վերաբերի հայերու տառապանքին կապակցութեամբ օտար քաղաքագէտներու կարծիքին, 1918-ին Կ. Պոլսոյ ամերիկացի հիւպատոսը` Հենրի Մորկընթաու տխուր հեռանկարներով կը պատկերացնէ Թուրքիոյ մէջ տիրող քաղաքական այն մթնոլորտը, երբ այսպէս կոչուած խումբ մը «Երիտասարդ թուրքեր», ինչպէս Թալէաթ, Էնվեր, Ճեմալ եւ ուրիշներ, գահընկէց կ՛ընեն սուլթան Համիտը եւ բազմատեսակ սադրանքներու եւ սպանութիւններու միջոցով կը տիրանան պատասխանատու պաշտօններու: Օրինակ, Ճեմալ փաշան կը ստանձնէ զինուորական կառավարիչի պաշտօնը` դաւադիր ծրագիրներով առաւել եւս հարթելով արիւնոտ ճամբան հակահայ քաղաքականութեան:

Հատորին մէջ կան բազմաթիւ այլ յօդուածներ, ուր բազմերանգ պատկերներով կը ներկայացուին այն մահաշուք իրադարձութիւնները, որոնց ենթարկուեցան հայերը Օսմանեան կայսրութեան եղերահամբաւ օրերուն: Յիշեալ յօդուածներուն հեղինակները Թուրքիոյ հայ բնակիչներուն նկարագրին ու կենցաղական բարքերուն քաջածանօթ օտարազգի գրագէտներ եւ լրագրողներ են, որոնք ճշգրիտ եւ դիպուկ վերլուծումներով բնութագրած են հայ ժողովուրդի նկարագիրը: Այսպէս, «Հայերը» խորագրեալ գրութեան հեղինակ ըստ Մոնրոյի (W.S. Monroe), ֆրանսացի բանաստեղծ Լամարթին, ատենօք նմանցուցած է հայերը արեւելքի զուիցերիացիին: Լամարթին ըսած է, թէ հայերը աշխատասէր եւ խաղաղասէր են եւ ուղղամիտ են իրենց սովորութիւններով: Թէ` անոնց իսկական տաղանդը կը փայլի առեւտուրի մէջ եւ անոնք իրենց հնարամտութեամբ դարձած են Կ. Պոլսոյ անուանի դրամատէրերը:

Իր կարգին Իլիըթ Կրիննել Միրզ (Eliot Grinnell Mears) 1924-ին, «Հայերը» խորագրեալ գրութեամբ, կ՛ըսէ, թէ հայերը թէեւ յառաջադէմ քաղաքագէտներ չեն, բայց տաղանդաւոր եւ փայլուն առեւտրականներ են: Անոնց այրերը ունին ֆիզիքական զօրաւոր կազմուածք, իսկ կիները ունին հիմնական յատկանիշները մայրութեան: Իբրեւ ժողովուրդ` հայերը կը պատկանին հնդեւրոպական ցեղին: Դարերու ընթացքին անոնք պայքարած են պարսիկներու եւ արաբներու, թուրքերու եւ քիւրտերու դէմ` պաշտպանելով իրենց պապենական ստացուածքները:

Իսկ Ֆրանք Ճ. Քարփենթըր (Frank G. Carpenter) 1896-ին, «Հայ կիները» խորագրեալ իր գրութեամբ, կ՛ըսէ, թէ հայ կիները օսմանեան բռնատիրութեան տակ ունեցած են եղերական ճակատագիր: Արդարեւ, թուրք զինուորներու հրահանգով, հայկական ջարդերու ժամանակ, բազմաթիւ հայ աղջիկներ հաւաքած ու զանոնք բանտարկած են եկեղեցիներու մէջ, ուր երկար օրեր ենթարկուելէ ետք թուրք զինուորներու քմահաճոյքին` անոնք անգթօրէն նահատակուած են: Քարփենթըր կ՛ըսէ նաեւ, թէ ըստ ականատեսի մը վկայութեան, եկեղեցւոյ մը մէջ թուրքերու կողմէ վայրագօրէն բռնաբարուած եւ սպաննուած վաթսուն հարսերու արիւնը  գաւիթն ի վար հոսելով` ողողած էր քաղաքին փողոցները…

Իբրեւ եզրակացութիւն` կ՛ուզենք հաստատել, թէ «Հայերը Օսմանեան կայսրութեան մէջ» խորագրեալ անգլիագիր հատորը տոքթ. Ժոզեֆ Մալիքեան գրած է մասնաւորաբար անգլիախօս հայերու համար, որոնք կը բնակին Միացեալ Նահանգներու կամ օտար երկիրներու մէջ եւ, հետեւաբար, ծանօթ չեն հայոց լեզուին, պատմութեան եւ հայկական դարաւոր բարքերուն:

Օտար ափերու վրայ օտարացած այդ հայերը, տոքթ. Ժոզեֆ Մալիքեանի հատորին  ընթերցումով, պիտի ըմբռնեն իմաստն ու տարողութիւնը այն ահաւոր տառապանքին, զոր ապրեցան հայ ժողովուրդի զաւակները 1865-1920 թուականներուն, Կիլիկիոյ քաղաքներուն մէջ, ինքնապաշտպանութեան կռիւներու ընթացքին եւ, մանաւանդ, տարագրութեան ճամբաներուն վրայ, Եփրատի արիւնոտ ափերէն մինչեւ Տէր Զօրի անապատները:

Սոյն հատորին ընթերցումով անգլիախօս այդ հայերը էապէս պիտի ըմբռնեն, թէ Հայաստան ի՜նչ դժնդակ պայմաններու տակ կրցած է մնալ յաղթական արտաքին աշխարհի մարտահրաւէրներուն դիմաց եւ կրցած է տիրանալ իր ազգային անկախութեան: Անգլիախօս հայերը պիտի ըմբռնեն նաեւ, թէ ի՛նչ կը մտածեն օտար գրողները հայ ժողովուրդի մշակոյթին, հայոց պատմութեան, անոր ցեղային յատկանիշներուն եւ գրական ժառանգութեան մասին:

 

Share this Article
CATEGORIES