Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. Լիբանանի Մէջ Մեծն Բրիտանիոյ Դեսպանին Այցը Ճեմարան

Չորեքշաբթի, 4 ապրիլ 2012-ին, Լիբանանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըր այցելեց Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան: Դպրոցին մուտքին դեսպանը դիմաւորուեցաւ ճեմարանական ՀՄԸՄ-ական սկաուտ աշակերտներու, տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեանին եւ Լսարանական միութեան պատասխանատու, Լիբանանի Ողիմպիական կոմիտէի անդամ Վաչէ Ծատուրեանին կողմէ: Դեսպանը անմիջապէս ուղղուեցաւ տնօրէնութեան գրասենեակը, ուր ներկայ էր նաեւ Լիբանանի Ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Անթուան Շարթիէ:

Ճեմարանի տնօրէնը դպրոցին մասին տեղեկութիւններ փոխանցելէ ետք, հրաւիրեց դեսպանը շրջելու դպրոցի մարզական բաժինը, ուր ճատրակի եւ փինկ-փոնկի սեղաններու կողքին, զետեղուած են նաեւ Ճեմարանի մարզական բաժակներէն մաս մը, որոնք ձեռք ձգուած են աշակերտներու եւ մարզական խմբակներու կողմէ, տարբեր մարզաձեւերու մէջ զանազան ախոյեանութիւններու եւ ԼԵՎԱՄ-ի մրցումներու ընթացքին, ապա տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը` ներկայութեամբ տնօրէնութեան, ուսուցիչներու, հիւրերու, խնամակալութեան ներկայացուցիչին եւ աշակերտներուն:

Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ լիբանանեան եւ բրիտանական քայլերգներով: Բրիտանիոյ քայլերգը, առանց նուագակցութեան, կատարեց ճեմարանաւարտ Ալին Նագաշեան: Լսարանական միութեան անունով անգլերէնով բացման խօսքը արտասանեց աւարտական դասարանի աշակերտուհի Փաթիլ Տէտէեան, որ տեղեկութիւններ փոխանցեց Ճեմարանի մասին, անոր մարզական ծրագիրներուն եւ շրջանաւարտ ՀՄԸՄ-ական մարզիկներու մասին, որոնք մասնակցած են Ողիմպիական խաղերուն, ապա խօսք առաւ Լսարանական միութեան պատասխանատու ուսուցիչ Վաչէ Ծատուրեան, որ ներկաները իրազեկ դարձուց Լսարանական միութեան Ողիմպիական խմբակի աշխատանքներուն մասին եւ նշեց, որ յաջորդաբար աշակերտական խմբակներ պիտի կատարեն իրենց ուսումնասիրութիւններու ներկայացումները: Ծատուրեան նաեւ անդրադարձաւ իր Ողիմպիական փորձառութեան եւ ուրախութեամբ ներկայացուց 2012-ի Լոնտոնի Ողիմպիական խաղերուն մասնակից ճեմարանաւարտ ՀՄԸՄ-ական մարզիկ փինկ-փոնկի ախոյեան Դուին Մումջօղլեանը, որ ներկայ էր ձեռնարկին, եւ որուն նուաճումներուն մասին ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որմէ ետք մարզիկուհին խօսեցաւ իր փորձառութեան մասին` ուրախութիւն յայտնելով Ողիմպիական խաղերուն մասնակցութեան առիթը ունենալու համար, ապա աշակերտական խմբակներ ներկայացուցին իրենց ուսումնասիրութիւնները` Ողիմպիական խաղերու, լիբանանցի մարզիկներու նուաճումներուն եւ դպրոցին մէջ  կիրարկուած մարզաձեւերուն մասին:

Ձեռնարկին ընթացքին սրտի խօսք արտասանեց Լիբանանի Ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Անթուան Շարթիէ, որ իր անհուն գոհունակութիւնը յայտնեց Ճեմարանի աշակերտներուն կատարած գնահատելի աշխատանքին համար, որուն ընդմէջէն անոնք ներկայացուցին Ողիմպիական խաղերու պատմութիւնն ու կարեւորութիւնը: Ցուցադրուեցաւ նաեւ տեսերիզ մը Լոնտոնի Ողիմպիական խաղերու մասին, որմէ ետք խօսք առաւ դեսպան Ֆլեչըր, որ բարձր գնահատեց Ճեմարանի տնօրէնութիւնը, որ մեծ կարեւորութիւն կու տայ ֆիզիքական կրթութեան: Դեսպանը իր հիացմունքը յայտնեց աշակերտներու կատարած աշխատանքներուն նկատմամբ: Ապա գեղեցիկ եւ խորհրդանշական քայլով մը դեսպանը հրաւիրուեցաւ Դուին Մումջօղլեանի դէմ մրցելու փինկ-փոնկի սեղանին շուրջ` իր դիւանագիտական կարողութիւններուն զուգահեռ ցուցադրելով իր մարզիկի հմտութիւնները եւ ցուցաբերելով մարզական բարձր ոգի:

Նշենք, որ Ողիմպիական խաղերու ծիրէն ներս իրականացուող զանազան ծրագիրներու շարքին, Լիբանանի մէջ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանը հռչակուած է քոյր կրթական հաստատութիւն Բրիտանիոյ «Westfield sports» քոլեճին հետ:

Share this Article
CATEGORIES