Ժամանակն Է Վերատեսութեան Ենթարկելու Սուրիոյ Հանդէպ Մեր Քաղաքականութիւնը
2003 թուականին Իրաքը գրաւող ամերիկեան ուժերուն միանալ մերժելու թրքական խորհրդարանին որոշումը Միջին Արեւելքի դռները բացաւ Թուրքիոյ առջեւ:
Թէեւ կը թուէր, թէ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը (ԱԲԿ) պատրաստ է ուժեր առաքելու Իրաք եւ արտօնելու Միացեալ Նահանգներու զօրքին` թրքական տարածքներէն յարձակելու Իրաք, ատիկա չէր կրնար բաւարար քուէ հաւաքել վաւերացնելու համար կառավարութեան զօրակցութիւնը վայելող հրամանագիր մը:
Սակայն խորհրդարանին որոշումը 1 մարտ 2003-ին բացաւ նոր հնարաւորութիւններ կառավարութեան համար, որպէսզի աւելցնէ իր քաղաքական եւ տնտեսական ազդեցութիւնը շրջանին մէջ` մասնակիօրէն կոտրելով օսմանեան ժամանակաշրջանի մասին տասնամեակներու հնութիւն ունեցող նախապաշարումները:
Արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի` դրացիներուն հետ զերօ խնդիր քաղաքականութիւնը օգնեց Թուրքիոյ, Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Յորդանանի` խթանելու տնտեսական եւ առեւտրական յարաբերութիւններ, այն յոյսով, որ շրջանային այս չորս երկիրներուն միջեւ կը հաստատուի տնտեսական ազատ շուկայ մը:
Քաղաքականութիւնը, որ կառուցուած էր նուազ քան տասնամեակի մը ընթացքին, այժմ կ՛անցնի դժուար ժամանակներէ` Սուրիոյ վերաբերեալ Անգարայի սխալ հաշուարկներուն պատճառով: Բացի ատկէ, Թուրքիոյ գործը աւելի կը բարդացնէ սուրիական վարչակարգը իշխանութեան վրայ պահելու եւ արդէն իսկ անկայուն Իրաքը շփոթեցնելու Իրանի ջանքերը: Վերջին զարգացումները հրահրեցին մտավախութիւններ, թէ շրջանին մէջ քաղաքական կլիման կրնայ բռնկիլ ցեղային եւ յարանուանական բախումներու, որոնք անկասկած նաեւ պիտի ապակայունացնեն Թուրքիան:
Նախքան հարցականի տակ առնելը Սուրիոյ հանդէպ Թուրքիոյ դիրքորոշումը` հակիրճ կերպով եկէք` վերլուծենք Սուրիոյ մէջ ապստամբութեան իրավիճակը եւ միջազգային հանրութեան դիրքը:
Սուրիական ընդդիմութիւնը տկար է եւ կոտորակուած: Իր կապերը, հաղորդակցութիւնները երկրին մէջ այնքան ալ ուժեղ չեն: Պաշշար Ասատ կը յաջողի վերահսկել երկիրը` շնորհիւ ուժեղ բանակին եւ հետախուզական կազմակերպութիւններուն, գաղտնի սպասարկութեանց: Շատ յստակ չէ, որ Ազատ Սուրիոյ բանակը որքա՛ն կրնայ դիմանալ կառավարական ուժերուն դէմ:
Միջազգային ընտանիքը կարծէք թէ կը վարանի առաջատարը ըլլալու այն ջանքերուն, որոնց նպատակն է պարտադրել Ասատի` լքելու իշխանութիւնը:
Մօտեցող նախագահական ընտրութեան ընդառաջ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Սուրիոյ համար իր թեւերը պիտի չսոթտէ:
Եւրոպական Միութիւնը, ամբողջ ցամաքամասը ցնցող տնտեսական ճգնաժամին պատճառով, դժուար թէ ժամանակ գտնէ Սուրիայով զբաղելու:
Միայն Իսրայէլ, որուն թիրախը կը թուի թէ Իրանն է, այս կացութենէն պիտի օգտուի, որովհետեւ Դամասկոս պիտի չկարենայ դժուարութիւն պատճառել:
Ռուսիա կը շարունակէ վեթոյի ենթարկել ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին բանաձեւերը Սուրիոյ վերաբերեալ:
Բացի ատկէ, ոչ ոք գաղափար ունի յետասատեան ժամանակաշրջանի մասին, եւ թէ` արդեօք ծայրայեղականնե՞րը պիտի լեցնեն ստեղծուելիք դատարկութիւնը:
Նկատի առնելով այս պատկերը` կը թուի, թէ Թուրքիա միակ երկիրն է, որ ամբողջովին կեդրոնացած եւ նուիրուած է` տապալելու Ասատի վարչակարգը: Այս քաղաքականութեան մաս կը կազմեն արգելակող գօտի մը կամ ապահով ապաստարան մը ստեղծելու մասին զրոյցները` պաշտպանելու համար գաղթական սուրիացիներ, ինչպէս նաեւ` առաջնորդելու միջազգային հանրութիւնը, որպէսզի առաւել ճնշումներ բանեցնէ Դամասկոսի վրայ: Միջամտութեան, միջամուխ ըլլալու այսպիսի քաղաքականութիւններ ոչ միայն կրնան կոտրել այն պատկերը, որ Թուրքիա շրջանին մէջ կերտած է, այլեւ կը հակասեն Անգարայի արտաքին ընդհանուր քաղաքականութեան սկզբունքներուն, որուն հիմնական սիւնը, կռուանը խաղաղութիւնն է:
Այսպիսով, Թուրքիա աւելի լաւ կ՛ընէ, եթէ հարաւային դրացիին հանդէպ իր քաղաքականութիւնը վերատեսութեան ենթարկէ նախքան 1 ապրիլին Պոլսոյ մէջ կայանալիք Սուրիոյ բարեկամներու հաւաքը` դիւանագիտական ջանքերը միւս բոլոր այլընտրանքներէն նախադասելով, մասնաւորաբար այնպիսի պահու մը, երբ կոփուած, համեմուած դիւանագէտ Քոֆի Անանի նախաձեռնութիւնը տակաւին կը խոստանայ համաձայնութիւն մը գոյացնել կառավարութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ:
ՍԵՐՔԱՆ ՏԵՄԻՐԹԱՇ
«Հիւրրիյէթ»

