Թրքական Տեսլականը Նոյնպէս Երիտասարդութիւնն Է
Ամերիկացի հեղինակ Հենրի Միլլըր ժամանակին գրած է. «Ամերիկեան տեսլականը երիտասարդութիւնն է. գեղեցիկ, դատարկ երիտասարդութիւնը»: Ըստ ուսումնասիրութեան մը արդիւնքին, թրքական տեսլականը նոյնպէս երիտասարդութիւնն է. պահպանողական դատարկ երիտասարդութիւնը:
Թրքական ուսումնասիրութիւններու յայտնի գործակալութիւնն մը` ՍԵԹԱ, այլապէս ծանօթ իբրեւ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կատաղի ջատագովը, վերջերս հրապարակեց իր հետազօտութեան արդիւնքները. «Թուրքիոյ երիտասարդութեան ուրուագիծը»: Ատիկա թարմացուց ազգային յոյսեր, թէ բրիտանացի քաղաքական գործիչ եւ հեղինակ Բենիամին Տիզրայելի ճիշդ էր, երբ կ՛ըսէր. «Ազգի մը երիտասարդութիւնը ապագայ սերունդի խնամակալութիւնն է»:
Որպէսզի կարելի ըլլայ Թուրքիոյ երիտասարդութեան ընկերա-մշակութային պատկերը ստանալ, ՍԵԹԱ-ի մէկ խումբը, կազմուած` ակադեմականներէ, հարցումներ ուղղեց 10,174 երիտասարդներու, 15-29 տարիքի, Թուրքիոյ բոլոր 7 շրջաններէն:
Ըստ ՍԵԹԱ-ի բացայայտումներուն.
1.- Հարցաքննուողներուն 1/5-ը որեւէ ընկերային ապահովագրութիւն չունէր:
2.- Մեծամասնութիւնը (ՍԵԹԱ այստեղ տոկոս չի նշեր) օտար ոչ մէկ լեզու կը խօսի:
3.- Տասի վրայ միայն մէկը արտասահման այցելած է (եւ միայն 1,5 առ հարիւրը արտերկիր մեկնած է ուսանելու):
4.- Անոնք, որոնք արտասահման մեկնած են, այցելութեան գլխաւոր հինգ երկիրները եղած են` Գերմանիա, Կիպրոս (թրքական), Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա եւ Պուլկարիա: Լաւագոյն տասին մէջ միայն երկու իսլամական երկիր կայ. Սուրիա (6-րդ) եւ Իրաք (9-րդ):
5.- Մշակութային ամէնէն ժողովրդական գործունէութիւնը պատկերասփիւռ դիտել է, եւ ամէնէն ժողովրդական պատկերասփիւռային յայտագիրները երկարաշունչ ֆիլմաշարերն են:
6.- Ամէնէն ժողովրդական պատկերասփիւռային հաղորդաշարը` «Գայլերու հովիտն» է, որուն հերոսը թրքական Ճէյմս Պոնտ, առաւել Ռամպօ, առաւել Սիւփըրման, առաւել որեւէ այլ յայտնի հերոս մըն է, իր խորապէս վայրագ հակաարեւմտեան եւ հակաիսրայէլեան արկածախնդրութիւններով:
7.- Պատասխանողներուն 1/3-ը ոչ մէկ թերթ կը կարդայ (ասիկա մեզի կը յիշեցնէ վերջերս պատրաստուած հարցախոյզ մը, ըստ որուն, գիրքերը թուրքերուն համար, ամբողջութեամբ, 235-րդն են իրենց կեանքի ամէնէն կարեւոր կարիքներէն):
8.- Միայն 12 առ հարիւրը կանոնաւոր կերպով ամսագիր, շաբաթաթերթ կը կարդայ (ամէնէն շատ կարդացուածը փոփ ամսաթերթ մըն է):
9.- Անոնք մեծամասնութեամբ (52,4 առ հարիւր) թրքական ժողովրդային երգեր կ՛ունկնդրեն, ինչպէս նաեւ` օտար փոփ երգեր (22 առ հարիւր):
10.- 1/3-էն քիչ մը աւելին կը ծխէ, 21,7 առ հարիւրը ոգելից ըմպելի կը խմէ, վիճակահանութեան տոմս կը գնէ եւ գրաւ կը խաղայ:
11.- 40 առ հարիւրը մարզանքի չի հետեւիր, կամ մարզական խաղ չի կիրարկեր:
Եե՜ե՜ե՜ւ…
Այն անձը, որուն վրայ Թուրքիոյ երիտասարդութեան մեծ մասը կը հիանայ, պրն. Էրտողանն է: Զարմանալի չէ:
Հիացումի արժանացած անձնաւորութեանց լաւագոյն 10-ին մէջ կին մը իսկ չկայ: Զարմանալի չէ…
Յիշեցնեմ, որ ՍԵԹԱ-ի կողմէ հարցուածները կը ներկայացնեն 5-19 տարիքի խումբը` Էրտողանի իշխանութեան եկած ատեն հասակ առած: Ես վստահ եմ, որ այս էր «բարեպաշտ սերունդը», զոր Էրտողան խոստացած էր մեծցնել, քանի որ ոչինչ բացայայտուած է անոնց բարեպաշտութիւնը չափող, սակայն «ամէնէն շատ հիացումի արժանացած անձ» ընտրանքը բանալի մը, գաղափար մը կու տայ:
Թերեւս դաւ, մեքենայականութիւն թուի, որ բարեպաշտ, ջերմեռանդ թուրք երիտասարդութիւնը հրապուրուի, փորձութեան ենթարկուի` այցելելու հիմնականին մէջ ոչ իսլամ երկիր մը, երբ առիթ տրուի արտասահման ճամբորդելու: Բայց ուշադիր դիտողին համար ասիկա զարմանալի պէտք չէ թուի, որովհետեւ իսլամ երկիրները այցելութեան կամ բնակելու համար նախընտրելի վայրեր բնաւ չեն եղած` աշխարհի բոլոր կողմերէն իսլամ գաղթականներուն համար:
Ճակատագիրի պարզ շրջադարձ մը պէտք է ըլլայ այն, որ տասնեակներով իսլամներ (եւ քրիստոնեաներ), դրացի արաբական երկիրներէ եւ Ափրիկէէն, կը փորձեն ամէն օր սահմանը հատել եւ Իսրայէլ թափանցել, եւ այն, որ «տասնեակ հազարաւոր արաբներ եւ իսլամներ իրենց կեանքերը վտանգի ենթարկած են Իսրայէլ անցնելով Եգիպտոսի սահմանէն, ուր եգիպտացի սահմանապահները յաճախ կը կրակեն կիներու եւ երեխաներու վրայ», ըստ Ռամզի Հատիտի, որ Յորդանան հաստատուած պաղեստինցի լրագրող մըն է:
Այնպէս որ, ասիկա է Թուրքիոյ երիտասարդութեան դիմագիծը. անոնցմէ ոչ արհամարհելի տոկոս մը ընկերային ապահովութեան հովանիէն դուրս կը գտնուի: Թուրք երիտասարդութիւնը օտար լեզու չի խօսիր, արտերկիր չի ճամբորդեր: Անոնց մշակութային գլխաւոր գործունէութիւնը պատկերասփիւռի անմակարդակ վիպային հաղորդաշարերը դիտել է (մասնաւորաբար` «Գայլերու հովիտը»): Թուրքիոյ երիտասարդութեան զգալի մասը գիրք չի կարդար, թերթեր եւ ամսաթերթեր չի կարդար, մարմնամարզանք չ՛ըներ, բայց ոչ ալ ոգելից ըմպելի կ՛օգտագործէ:
Այս բոլորին վրայ Թուրքիոյ երիտասարդութիւնը կը պաշտէ իր վարչապետը:
Արդեօք ոեւէ մէկը զարմացա՞ծ է: Ո՛չ այս յօդուածագիրը:
ՊՈՒՐԱՔ ՊԵՔՏԻԼ
«Հիւրրիյէթ»

