Փութին Երկու Անգամ Եւս Կ՛Ուզէ Նախագահ Ընտրուիլ
vz.ru կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ վարչապետ, նորընտիր նախագահ Վլատիմիր Փութին Տումային մէջ յայտարարած է, որ պատրաստ է սահմանադրութեան մէջ փոփոխութիւններ կատարելու հարցը քննարկելու: Գործող սահմանադրութեամբ նոյն անձին կ՛արգիլուի երկու նստաշրջանէն աւելի վարել նախագահի պաշտօնը:
Ըստ Փութինի, փոփոխութիւններու պարագային անոր երկու անգամ եւս նախագահ ընտրուելու կարելիութիւն պիտի տրուի: «Իւրաքանչիւրիս կեանքին մէջ պահ մը կու գայ, կեանքիս մէջ ատիկա արդէն եկած է, երբ պէտք է մտածել երկրի ճակատագիրին մասին եւ չկառչիլ որեւէ բանի», ըսած է Փութին` անդրադառնալով երեսփոխաններէն մէկուն առաջարկին, որ սահմանադրութեան հետեւեալ ձեւակերպման մէջէն` «նոյն անձը չի կրնար նախագահ դառնալ երկու նստաշրջան անընդմէջ» պէտք է հանել «անընդմէջ» բառը:
Ան ըսած է, որ օրէնքը յետադարձ ուժ չունի, այդ իսկ պատճառով անիկա իր այս նստաշրջանին պիտի չառնչուի, եւ ինք պիտի կարենայ երկու նստաշրջան եւս նախագահել:
Փութին առաջին անգամ նախագահ ընտրուեցաւ 2000-ին, ապա վերընտրուեցաւ 2004-ին: Երրորդ անգամ ան նախագահ ընտրուեցաւ այս տարուան 4 մարտին: Անոր նախագահական երդումի արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 7 մայիսին:


