Սուրիոյ Մէջ Զինադադար Հաստատուեցաւ

Երէկ Սուրիոյ մէջ զինադադարը սկսաւ գործադրուիլ ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անանի մշակած ծրագիրին ճշդած պայմանաժամէն սկսեալ` առաւօտեան ժամը 6:00-ին: Սուրիական կառավարութիւնը արդէն յայտարարած էր, որ կրակոցը պիտի դադրեցնէ, սակայն նոյն ատեն զգուշացուցած էր, որ «ահաբեկչական» որեւէ յարձակումի պիտի հակադարձէ:

Սուրիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը երէկ կոչ ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք հարկադրաբար իրենց բնակարաններէն Սուրիոյ մէջ այլ վայրեր կամ դրացի երկիրներ ապաստանած են` վերադառնալու իրենց բնակարանները եւ ապակողմնորոշող լուրերուն ականջ չտալու:

Սուրիական ընդդիմութեան տարբեր խմբակներ հաստատած էին, որ պատրաստ են կրակոցը դադրեցնելու, եթէ սուրիական բանակի ծանր զէնքերը քաղաքներէն դուրս բերուին: Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ տեղադրուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշած է, որ զինադադարի հաստատումը արդէն սուրիական ընդդիմութեան ձեռքն է: Սուրիոյ Ազգային խորհուրդը երէկ զինադադարի հաստատումէն ետք ժողովուրդին կոչ ուղղեց ցոյց կատարելու:

Մինչ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կառավարութեան քայլը ողջունեց եւ ընդդիմութեան կոչ ուղղեց կրակոցը անմիջապէս դադրեցնելու, «Մեծ ութնեակ»-ի անդամ երկիրները Ուաշինկթընի մէջ իրենց ժողովին ընթացքին Սուրիոյ կոչ ուղղեցին զինադադարի հաստատման Անանի ծրագիրին յանձնառու մնալու: Ֆրանսա եւ Բրիտանիա յայտարարեցին, որ Սուրիա միջազգային դէտերու ուղարկուիլը պիտի պահանջեն: Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կոչ ուղղեց Սուրիա միջազգային դէտեր ուղարկելու հարցը քննարկել` պահանջելով, որ այդ դէտերը կարենան ազատ շրջիլ առանց սուրիական վարչակարգի միջամտութեան: Բրիտանիա իր կարգին զօրավիգ կանգնեցաւ այդ հրաւէրին եւ զգուշացուց, որ ընդդիմութեան զօրակցութիւնը պիտի աշխուժացնէ եւ Ապահովութեան խորհուրդէն պիտի պահանջէ Սուրիոյ դէմ պատժամիջոցները աւելցնել, եթէ վերջինս զինադադարը չյարգէ:

Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել հեռաձայնային հաղորդագրութեան մը ընթացքին համակարծիք գտնուած են, որ Ասատի կառավարութիւնը Անանի խաղաղութեան համաձայնութիւնը չի յարգեր, ինչ որ կը հաստատէ, որ Ապահովութեան խորհուրդի անդամները պէտք է ձեռք ձեռքի տան եւ Սուրիոյ դէմ աւելի խիստ միջոցառումներ որդեգրեն:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն յայտնեց, որ Ապահովութեան խորհուրդին մէջ աշխատանք կը տարուի դէտերը կարելի եղածին չափ շուտ Սուրիա ուղարկելու առնչութեամբ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ յայտնեց, որ սուրիական իշխանութիւնները Անանի ծրագիրի գործադրութեան ուղղութեամբ բաւարար քայլեր առին` նշելով, որ «մեր միջազգային կարգ մը գործընկերները սուրիական ընդդիմութիւնը յամառութեան կը մղեն, ինչ որ սխալ է եւ կը հակասէ տագնապի լուծման համար հրապարակուող բոլոր հաղորդագրութեանց»:

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ սուրիական հողամասերէն թրքական հողամասերուն ուղղութեամբ կրակոցներու պատճառով արձանագրուած զոհերու եւ վիրաւորներու պատճառով Թուրքիա կրնայ Սուրիոյ հետ իր սահմանին պաշտպանութեան համար ՕԹԱՆ-ի օժանդակութիւնը խնդրել: «ՕԹԱՆ պէտք է թրքական սահմանները պաշտպանէ, եւ յստակ է, որ միջադէպը սահմանի յստակ խախտում մըն է», ըսաւ Էրտողան` նշելով, որ Թուրքիա կրնայ պահանջել գործադրութիւնը ՕԹԱՆ-ի ուխտի 5-րդ կէտին, ըստ որուն, անդամ երկիրներէն որեւէ մէկուն դէմ յարձակում մը բոլորին դէմ յարձակում է:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու սէուտական «Օքազ» օրաթերթին յայտնեց, որ միջազգային ընտանիքին հետ համագործակցութիւնը մերժելուն եւ ժամկէտները ձգձգելուն համար սուրիական վարչակարգին նկատմամբ ապագայ քայլերու շուրջ թուրք-սէուտական համակարգում գոյութիւն ունի: Ան ըսաւ, որ Ռիատ եւ Անգարա ջարդերը կասեցնելու եւ սուրիացի ժողովուրդին տառապանքներուն վերջ տալու նախանձախնդիր են` վստահեցնելով, որ սուրիական վարչակարգին կողմէ քաղաքայիններու սպանութեան եւ բռնաճնշումի շարունակումը վերջ կու տայ տագնապի դիւանագիտական միջոցներով լուծումին: Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետը նաեւ նշեց, որ Սուրիա միայն սուրիացի ժողովուրդին դէմ ոճիրներ չի գործեր, այլ նաեւ` մարդկութեան դէմ:

Մինչ այդ, երէկ առաւօտեան շուրջ ժամը 1:00-ին Դամասկոսի Ժարամանա շրջանի Ռաուտա փողոցին Սիուֆ հրապարակին մօտ ինքնաշարժ մը պայթեցաւ` պատճառելով զոհ մը եւ չորս վիրաւորներ: Ականատեսներ «Եու.Փի.Այ.» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ «Մերսետես» տիպի ինքնաշարժը ամբողջութեամբ հրկիզուեցաւ եւ անոր մէջ շարք մը «Քալաշնիքով» տիպի գնդացիրներ գտնուեցան: Պայթումին պատճառով փողոցէն անցնող ինքնաշարժ մը վնասուեցաւ եւ կարգ մը բնակարաններու եւ խանութներու ցուցափեղկերու ապակիները փշրուեցան: ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ երէկ առաւօտեան շուրջ ժամը 8:00-ին Հալէպի Մահլաք Ժանուպի շրջանին մէջ Նայրապ օդակայանի կամուրջին մօտ ականի մը պայթումին պատճառով սպաննուեցաւ սպայ մը եւ 24 ուրիշներ վիրաւորուեցան:

Share this Article
CATEGORIES