Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԼԻՊԻՈՅ կառավարութեան պաշտօնական բանբեր Նասեր Մանեհ յայտնեց, որ Թաժուրա շրջանին մէջ գտած են աճիւններ, որոնք կրնան անյայտ կորսուած իմամ Մուսա Սատըրի աճիւնները ըլլալ: Մանեհ աւելցուց, որ այդ աճիւնները կ՛ենթարկուին «Տի. Էն. Էյ.»-ի քննութեան, որուն արդիւնքը մօտ օրէն պիտի յայտարարուի: Նշենք, որ արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր հերքեց վերոյիշեալ տեղեկութիւնները:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող ընդհանուր իրադարձութիւնները:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց քրիստոնեաներուն` իրենց գարունը իրականացնելու, կառչած մնալով իրենց հողին, այլ խօսքով` շրջանին մէջ իրենց գոյութեան:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆայեզ Շքըր «Նաշրա» կայքէջին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ հաստատած է, որ Սուրիոյ ներքին կացութիւնը բարելաւուած է եւ դաւադրութիւնը հասած է իր աւարտին:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի «Լեպանոն Ֆայլզ» կայքէջին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին պատրաստած ընտրական օրէնքին վերաբերեալ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի կեցուածքը զարմանալի է: Ան աւելցուց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի կը խոչընդոտէ կառավարութեան կողմէ գործադրուելիք որեւէ նուաճում:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ յայտնեց, որ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի քամերամեն Ալի Շաապանի նահատակութիւնը մաս կը կազմէ Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ Լիբանանի կառավարութեան ցուցաբերած ինքզինք զանց կացուցելու քաղաքականութեան` աւելցնելով, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի անձամբ կը կրէ այդ դէպքին պատասխանատուութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի այցելեց տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասանի, որուն հետ հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ Իրան կը զօրակցի Սուրիոյ մէջ Քոֆի Անանի ծրագիրին գործադրութեան:

ՄԱՐՈՆԻ պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոսը շեշտեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի դէմ գործուած մահափորձին հետաքննութիւնը պէտք է ամբողջացնել եւ յանցագործը պատժել: Ան դատապարտեց այդ մահափորձը: Միւս կողմէ, Մազլում եպիսկոպոս յայտնեց, որ Ժահժահ Ռայի պատրիարքին դէմ իր քննադատութիւններով է, որ խզած է այդ յարաբերութիւնը` աւելցնելով, որ Ժահժահի եւ Ռայի պատրիարքին միջեւ գժտութիւնը փարատելու փորձեր չկան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի քաղաքական գրասենեակի անդամ Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրին սպաննող կողմն է, որ այսօր կը փորձէ այլ սպանութիւններ կատարել:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան պետութիւնը կ՛ուղղուի դէպի սնանկութիւն: Այս շրջագիծին մէջ նշուեցաւ, որ յառաջիկայ մայիսէն սկսեալ լիբանանեան պետութիւնը պիտի չկարենայ ապահովել իր պաշտօնեաներուն ամսական աշխատավարձերը:

ԻՍԼԱՄ քարոզիչ շէյխ Օմար Պաքրի Ֆըսթոք շեշտեց, որ իսլամ արգելափակեալներու թղթածրարին անտեսումը կրնայ վտանգի ենթարկել Լիբանանի քաղաքացիական ապահովութիւնը:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, փուռերու յատուկ սենտիքաներու համադաշնակցութիւնը յառաջիկայ ուրբաթ, 20 ապրիլին ընդհանուր գործադուլ յայտարարած է` բողոքելու համար հետզհետէ աւելի եւս սղող վառելանիւթի սակերուն դէմ:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ եւ պետական պիւտճէի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ կարելի չէ լիբանանեան պետութեան ելեւմտական իրավիճակը այս ձեւով պահել:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ յայտնեց, որ լուրջ մտավախութիւն կայ 2013-ի երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգելու ջանքերէ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի անդամ երեսփոխան Խալետ Տահեր յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութեան կողմէ երկրին ապահովական կայունութեան պահպանումին մէջ արձանագրուած թերացումներուն պատճառով պէտք է պահանջել արաբական եւ միջազգային ուժեր` պաշտպանելու համար Լիբանանը:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրիի խորհրդական Տաուտ Սայեղ յայտնեց, որ Հըզպալլայի զէնքին հարցը կը գերազանցէ երկրին քաղաքացիական պատերազմը` սպառնալով լիբանանեան պետութեան ու անոր հաստատութիւններուն:

«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներէն, նշեց, որ վարչապետը դէմ է Թրիփոլիի քաղաքապետական խորհուրդի հաւաքական հրաժարականին եւ այդ խորհուրդին լուծարման:

ԱԶԳԱՅԻՆ պայքարի ճակատ պլոքի անդամ երեսփոխան Աքրամ Շեհայէպ շեշտեց, որ իրենց կեցուածքն է պահպանել Լիբանանի քաղաքացիական անվտանգութիւնը, լիբանանեան ներքին համախոհութիւն գոյացնել եւ կանխարգիլել սադրանքներու նախապատրաստութիւնը:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի մօտիկ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ Մարտ 14-ի եւ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը կը փորձեն լուսանցքայնացնել Ժոմպլաթը:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս կոչ ուղղեց Ալի Շաապանի սպանութիւնը չքաղաքականացնելու` աւելցնելով, որ լիբանանեան բանակը գիտէ, թէ հիւսիսային Լիբանանի մէջ ինչպէս պիտի վարուի:

ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ֆայսալ Քարամէ ընդունեց Համասի մէկ պատուիրակութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին Քարամէ շեշտեց, որ իրենք հանգիստ կը զգան, այնքան ատեն որ լիբանանեան բանակը կը գտնուի հիւսիսային Լիբանանի մէջ: Անդրադառնալով իսլամ արգելափակեալներու հարցին` Քարամէ նշեց, որ անոնք լիբանանեան պետութեան մօտ քաղաքական բանտարկեալներ կը նկատուին :

 

Share this Article
CATEGORIES