«Կը Ձգտինք Լիբանանի Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Տնտեսական Եւ Առեւտրական Գործակցութեան Կատարելագործումին» Կը Շեշտէ Էօզեըլտըզ
Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզ երէկ այցելեց առեւտուրի եւ տնտեսութեան գրասենեակը, ուր յայտնեց, թէ իր այս այցելութեան նպատակն է շնորհաւորել այդ գրասենեակին անդամները` իրենց նոր պաշտօնները ստանձնելու առիթով:
Ան աւելցուց, որ իրենք քննարկած են շարք մը նոր միտքեր, որոնց շրջագիծին մէջ` տնտեսական եւ առեւտրական յարաբերութիւններն ու փոխադարձ գործակցութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը:
«Կը ձգտինք Լիբանանի եւ Թուրքիոյ միջեւ տնտեսական եւ առեւտրական գործակցութեան կատարելագործումին` Սայտայի եւ հարաւային Լիբանանի մէջ», շեշտեց Էօզեըլտըզ:
Անդրադառնալով Սայտայի մէջ թրքական հիւանդանոցին բանեցման կարելիութիւններուն` Էօզեըլտըզ շեշտեց, որ Պոլիս ամէն ջանք ի գործ կը դնէ աւարտելու համար այդ աշխատանքները: Էօզեըլտըզ դիտել տուաւ, որ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա անձամբ կը հսկէ այդ աշխատանքներուն:
Սուրիոյ տագնապին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Էօզեըլտըզ շեշտեց, որ իբրեւ Սուրիոյ դրացի երկիր կը փափաքինք, որ խաղաղութիւն եւ արդարութիւն տիրէ Սուրիոյ մէջ:

