Միւֆթի Քապպանի – Պաարինի Հանդիպում
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց նախկին երեսփոխան Ուաժիհ Պաարինին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող հարցեր:
Հանդիպումէն ետք Պաարինի յայտնեց, որ իր այցելութեան նպատակն է Աքքարի մէջ գործադրուելիք բարգաւաճման ծրագիրներուն քննարկումը, ինչպէս նաեւ Տար Ֆաթուայի նկատմամբ զօրակցութիւնը` նկատի ունենալով անոր լիբանանեան եւ իսլամական հեղինակութիւն ըլլալու իրականութիւնը:
Պաարինի յայտնեց, որ հանրապետութեան միւֆթին կը պատկանի բոլոր լիբանանցիներուն եւ ոչ թէ այս կամ այն համայնքին կամ յարանուանութեան:
Պաարինի յայտնեց, որ ինք կը զօրակցի Լիբանանի կառավարութեան, որ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ նուաճումներ եւ իրագործումներ կատարելու համար, յատկապէս` Աքքարի մէջ:
Պաարինի հաստատեց, որ լիբանանցիները պէտք չէ Սուրիոյ հարցերուն միջամուխ դառնան:


