Նախարար Սապունճեան Քննարկեց Սուտանի Հետ Ստորագրուած Համաձայնագիրներուն Գործադրութեան Հեռանկարները

Նախարար Սապունճեան` Սուտանի դեսպանին հետ հանդիպման պահուն

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուտանի դեսպան Իտրիս Սլէյման Եուսեֆը, որուն հետ քննարկեց ճարտարարուեստի նախարարութեան եւ Սուտանի միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրներուն գործադրութեան հեռանկարները:

Հանդիպումին ընթացքին որոշուեցաւ կայացնել ճարտարարուեստի մարզի լիբանանցի եւ սուտանցի ներկայացուցիչներու միջեւ հանդիպում մը, որուն նպատակը պիտի ըլլայ ամրապնդել առեւտրական գործակցութիւնն ու ներդրումներ կատարելու դրութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES