Պըրրի Ընդունեց Միւֆթի Շաարը Եւ Նախարար Սահնաուին

Պըրրի` Թրիփոլիի միւֆթիին հետ հանդիպման ընթացքին

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Մսայլեհի իր բնակարանին մէջ ընդունեց հիւսիսային Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի Մալեք Շաարը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկրին ազգային միասնականութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Թրիփոլիի իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ապահովական, տնտեսական եւ հոգեւոր հարցեր:

Պըրրիի այցելեց նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուի, որ շեշտեց, թէ հաղորդակցութեան միջոցներու ցանցին մանրամասնութիւններուն հետեւող կողմերը կրնան բոլորին դէմ լրտեսութիւն կատարել:

 

Share this Article
CATEGORIES