Շքըր Ալի Շաապանի Հօր Կը Փոխանցէ Նախագահ Ասատի Ցաւակցութիւնները
«Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի նահատակ քամերամեն Ալի Շաապանի ընտանիքը երէկ Մայֆատունի մէջ շարունակեց ցաւակցութիւններ ընդունիլ իր զաւկին կորուստին առիթով:
Այս շրջագիծին մէջ քաղաքական մեծ թիւով անձնաւորութիւններ եւ անոնց ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ զինուորականներ ու ապահովական կառոյցներու ներկայացուցիչներ այցելեցին Ալի Շաապանի բնակարանը եւ ցաւակցութիւն յայտնեցին Շապանի ծնողքին ու հարազատներուն:
Լիբանանեան անձնաւորութիւններուն կողքին Ալի Շաապանի բնակարանը այցելեց Լիբանանի մէջ Պաաս կուսակցութեան ղեկավար Ֆայեզ Շքըր, որ նախանցեալ օր Դամասկոսի մէջ հանդիպում մը ունեցած էր Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ:
Շքըր ցաւակցութիւն յայտնեց Շաապանի ընտանիքին եւ բարձր գնահատեց անոր ընտանիքին կեցուածքները` Դիմադրութեան նկատմամբ:
Շքըր վերահաստատեց, որ ինք նախագահ Ասատի մօտ շօշափած է Ալի Շաապանի սպանութեան հետաքննութեան մասին յանձնառութիւնը:
Մայֆատուն այցելեց նաեւ սուրիական պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան տնօրէն Ժամալ Մոհսենի, որ ներկայացուց Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Ատնան Մահմուտը եւ որուն անունով ցաւակցութիւն յայտնեց Ալի Շաապանի հօր` ընդգծելով, որ Շաապանի սպանութիւնը իսկապէս կորուստ է նաեւ Սուրիոյ համար:
Ալի Շաապանի հայրը` Ահմետ Շաապան շնորհակալութիւն յայտնեց սուրիական պատուիրակութեան, մաղթելով, որ նախագահ Պաշշար Ասատ հետապնդէ իր զաւկին սպանութեան հետաքննութիւնը:
Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի անդամ երեսփոխան Հանի Քպայսի խոր ցաւ յայտնեց Ալի Շաապանի կորուստին համար եւ շեշտեց, որ անհրաժեշտ է այդ միջադէպին դրդապատճառները բացայայտել, որպէսզի կարելի ըլլայ այդ դէպքին պատասխանատուները ճշդել:


