Նախագահ Սլէյման Նախագահեց Նախարարական Նիստի Մը

Նախարարական հանդիպումէն պահ մը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ նախագահեց նախարարական նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան նախագահ Սլէյմանի Աւստրալիա կատարելիք այցելութեան օրակարգն ու նախապատրաստութիւնները:

Նիստին ներկայ գտնուեցան փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան միջոցներու նախարար Ղազի Արիտի եւ այլ անձնաւորութիւններ:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Ղովմի կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ասաատ Հարտանի եւ ընկերակցութեամբ պետական նախարար Ալի Քանսոյի եւ նախկին երեսփոխան Ղասսան Աշքարի:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրի, որ նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեց «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի քամերամեն Ալի Շաապանի սպանութեան վերաբերող հարցեր:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ գաղթականներու հարցերու նախարար Ալաէտտին Թըրրօ եւ Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան նախագահ Նաամաթ Աֆրամ:

Share this Article
CATEGORIES