Աթեշեան Սրբազան Եւ Շիրինօղլու Արընչի Հետ Կը Քննարկեն Եկեղեցապատկան Կալուածներուն Վերաբերող Խնդիրներ

Արընչ եւ Աթեշեան սրբազան

«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ հայոց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեան եւ Ս. Փրկիչ ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու երեքշաբթի օր Անգարայի մէջ հանդիպում ունեցած են Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենթ Արընչի հետ:

Ըստ «Մարմարա»ի տեղեկութեանց, հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են հայ համայնքին վերաբերող քանի մը կարեւոր հարցեր, ինչպէս` Ս. Խաչ դպրեվանքի կարգավիճակի սրբագրութեան համար բացուած դատը, Սամաթիոյ ազգապատկան հողամասերուն վրայ քաղաքապետութեան կողմէ դրուած արգելքը, Ս. Փրկիչ հիւանդանոցի հանդիպակաց հողամասերուն վերադարձուելուն համար բացուած դատը եւ այլ հարցեր: Փոխվարչապետ Արընչի հետ հանդիպումը կայացած է ջերմ եւ փոխադարձ հասկացողութեան մթնոլորտի մէջ ու տեւած մօտաւորապէս 45 վայրկեան: Դպրեվանքի հարցին կապակցութեամբ Արընչ վստահեցուցած է, որ կարճ ժամանակի մէջ դրական կերպով պիտի կարգադրուի այս խնդիրը:

«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ նկատի ունենալով, որ երեքշաբթի օրուան օդանաւը Անգարա հասած է մօտաւորապէս կէս ժամ ուշացումով` փոխվարչապետին հետ հանդիպումն ալ մասամբ կրճատուած է եւ կարելի չէ եղած լայնօրէն կանգ առնել Սանասարեան Խանի խնդիրին վրայ:

Փոխվարչապետ Արընչ յայտնած է սակայն, որ մօտ օրէն Պոլիս պիտի այցելէ եւ իրենց հետ յատուկ կերպով պիտի քննարկէ Սանասարեան Խանի հարցը:

Share this Article
CATEGORIES