Շուէտի Խորհրդարանը 9 Մայիսին Պիտի Քննարկէ Լեռնային Ղարաբաղի Հարցը

Ազրպէյճանական 1news.az կայքէջը կը հաղորդէ, որ Շուէտի ազրպէյճանցիներու քոնկրեսը հանդիպումներ ունեցած է Շուէտի խորհրդարանին մէջ ներկայացուած խմբակցութիւններու ներկայացուցիչներու հետ:

Շուէտացի երեսփոխանները յայտարարած են, որ 9 մայիսին խորհրդարանը պիտի քննարկէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման մասին յայտարարութիւն հրապարակելու հարցը:

Ազրպէյճանցի լոպիիստները շուէտացի երեսփոխաններուն նաեւ այսպէս կոչուած «Խոջալուի ցեղասպանութեան», Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մասին պատմող գիրքեր նուիրած են:

Share this Article
CATEGORIES