50 Տարի Առաջ ( 14 ապրիլ 1962 )

Հայկական Կեանք

Ամերիկայի Մէջ Նոր Ուխտեալներ
Կը Միանան ՀՅԴ Շարքերուն

«Հայրենիք»-ի 8 ապրիլի թիւին մէջ կը կարդանք.-

Վերջին քանի մը ամիսներուն ընթացքին, 30-է աւելի նոր ընկերներ, մեծամասնութեամբ երիտասարդներ, եկած են միանալու ՀՅԴ Հիւսիսային Ամերիկայի կազմակերպական շարքերուն:

ՀՅԴ Ինտիըն Օրչըրտի կոմիտէին միացած են` Սարգիս Ղարիպեան, Տիգրան Ղարիպեան, Գուրգէն Մելիքեան եւ Յարութիւն Սեթեան:

ՀՅԴ Մայամիի կոմիտէի միացան փետրուարի մէջ, Յովսէփ Փափազեան եւ Մարգարիտ-Անթառամ Փափազեան:

Երկու օր առաջ ՀՅԴ Հարթֆըրտի կոմիտէին միացան Յովհ. Տ. Յովհաննիսեանի եւ կնքահայրութեամբ իրենց երդումը կատարեցին նորագիր եօթը երիտասարդներ` Ալիս Սարգիսեան, Կլորիա Սայաթ, Սարգիս Բաբելեան, Ուիլիըմ Պուրնազեան, Վազգէն Պանտազեան, Անդրանիկ Վարժապետեան եւ Լալէզար` Սրապեան-Վարժապետեան:

ՀՅԴ Քէյմպրիճի կոմիտէին միացան` Խաչատուր Պէրպէրեան եւ Վահան Աբաղեան:

Շիպլի Մալլաթի Զաւակը
Շնորհակալութիւն
Կը Յայտնէ

Տոքթ. Գ. Ասթարճեան հայ եւ արաբ պատմութիւններուն վերաբերեալ իր երկլեզուանի երկասիրութիւններով երկու եղբայր ազգերուն միջեւ յարաբերութիւններու սերտացման եւ իրերահասկացողութեան համար մշակութային առողջ ուղի մը գծած է եւ տասնամեակներէ ի վեր անշեղ կը քալէ այդ ուղիէն: Այս անգամ մայրիներու համարաբական չափանիշով ականաւոր բանաստեղծ Շիպլի Մալլաթի յիշատակին նուիրուած եւ «Ազդակ»-ի մէջ հրատարակուած մէկ յօդուածին առիթով հետեւեալ երախտազգած պատասխանը ստացաւ մեծ բանաստեղծին արժանաւոր զաւկէն իրաւագէտ-բանաստեղծ Վեճտի Մալլաթէն.

«10/12/61 թուականին Մայրիներու բանաստեղծ Շիպլի Մալլաթի յիշատակին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի սրահներուն մէջ սարքուած պատուոյ փառաւոր հանդիսութիւններու առթիւ «Ազդակ»-ի սուղ սիւնակներուն մէջ լոյս տեսած ձեր թանկագին յօդուածին` լիբանանեան անկեղծ հայրենասիրութեան ներշնչմամբ գրուած ըլլալը չեմ կրնար չխոստովանիլ:

«Շա՜տ սիրելի հօրս յիշատակին հանդէպ յարգանքի եւ գնահատանքի ձեր ջերմ արտայայտութեանց համար թէ՛ ես, եւ թէ եղբայրներս խորապէս զգացուեցանք: Շատ կը ցաւինք, որ հայկական քաղցրահնչիւն լեզուին անտեղեալ ըլլալով, բնագիրը նոյնութեամբ կարդալու հաճոյքէն կը զրկուինք եւ սակայն Եղիշէ Մանուկեանի ճարտար գրչէն ելած եւ ձեր իսկական ըմբռնումներն ու զգացումները իր ամենանուրբ գիծերովն ու ցոլացումներովը վերծանած ֆրանսերէն թարգմանութիւնը կարդալով, հոգեկան անբացատրելի բաւարարութիւն մը ստանալու հաճոյքը ունեցայ:

Այժմ, յարգելի՛ պարոն, շնորհակալութեան յուզումնալի պարտականութիւնը կը զգամ ձեր ազնիւ զգացումներուն եւ այդ զգացումները մեզի հաղորդելու առիթ տուող Եղիշէ Մանուկեանին եւ հիւրընկալ «Ազդակ»-ի հայրենանուէր խմբագրութեան հանդէպ:

Ազգային Կեանքը
Սայտայի
Մէջ

 Առաջնորդ Սրբազանին Այցելութիւնը

Ապրիլ 1-ին, կիրակի առաւօտեան, Խորէն արք. Բարոյեան այցելութիւն տուաւ Սայտայի հայ գաղութին:

Սայտայի Ս. Յակոբ եկեղեցիին մէջ քահանայ հայրը Ս. պատարագ մատուցեց, ապա, յաւարտ Ս. պատարագի, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Ծերոն Կիզիրեանի մահուան քառասունքին առիթով: Ներկայ էին գաղութին ամբողջ հայութիւնը, ինչպէս նաեւ պէյրութաբնակ հիւրեր` յարգելու համար հանգուցեալին յիշատակը:

Սրբազան հօր օրուան քարոզը իր բովանդակութեամբ դարձաւ հայրենի շունչ մը` բարեպաշտ ժողովուրդին: Այդ կոչ մըն էր հայութեան, կոչ մը` ազգապահպանման. սիրել հայ եկեղեցին, պահել մեր կրօնը, մեր մայրենի լեզուն, լուսաւորել հայ դպրոցը, հայ միտքը, պահպանել եւ պատրաստել ապագայ հայ սերունդը` հայ դրոշմով:

Այս ուղղութեամբ Սայտայի մէջ եղած աշխատանքները մեծապէս գնահատելի են: Անցեալին Սայտայի կեանքին թափ տուած ու բարելաւած են հանգուցեալ տեարք` Գէորգ Հատտէճեան, Կիրակոս Քէշիշեան, Ծերոն Կիզիրեան եւ Միքայէլ Ամիրխանեան: Նմանապէս` այժմ պէյրութաբնակ Յովհ. Վաներեան եւ սայտայաբնակ Սեդրակ Արսլանեան եւ Իգնատիոս Թըղըլեան:

Թէեւ ունինք փայտաշէն ու հնամեայ դպրոց եւ մատուռ, բայց անոնցմով իսկ կրցած ենք պահել ազգութիւն, կրցած ենք մեր մանուկներուն սորվեցնել մեր ոսկեղնիկ լեզուն:

Գաղութը առիթ չ՛ունենար ներկայ ըլլալու նման եկեղեցական արարողութիւններու, եւ առ այս` իր երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Խորէն արք. Բարոյեանին, որ այս յիշատակելի այցելութիւնը սիրայօժար շնորհեց մեզի:

ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ

Share this Article
CATEGORIES