Անգլիոյ Թագուհիները
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Այս տարի անգլիացիները կը տօնեն իրենց թագուհիին` Էլիզապէթ Բ.ի թագադրութեան 60-րդ տարեդարձը: Էլիզապէթ Բ. գահ բարձրացած է փետրուար 1952-ին: Սակայն ան Անգլիոյ գահին վրայ նստած միակ թագուհին չէ եղած:
Էլիզապէթ Բ.
Ան թագուհի կը դառնայ 1952 թուականին, երբ իր հայրը` Ճորճ Զ. թագաւորը կը մահանայ: Ան ամէնէն շատ ճամբորդած անգլիացի թագուհին է: Ան ականատես եղած է 20-րդ դարու ամէնէն մեծ պատահարներուն, հանդիպած է աշխարհի բոլոր կարեւոր անձնաւորութիւններուն: Այս տարի ան կը տօնէ իր թագադրութեան 60-րդ տարեդարձը, որ մեծ շուքով սկսած է տօնուիլ: Անոր թագաւորելը եւրոպական թագաւորութիւններէն չորրորդ ամէնէն երկարն է. զայն կանխած են Ֆրանսայի Լուի ԺԴ., Աւստրիոյ Ֆրանսուա-Ժոզեֆ Ա. եւ Անգլիոյ Վիքթորիա թագուհին:
Անգլիոյ Միւս Թագուհիները
– Մերի Թիւտոր կամ` «Պլատի Մերի» (1516-1558): Ան իշխած է 5 տարի: Ան Հենրի Ը. ահաւոր թագաւորին աղջիկն է: Ան հալածեց բողոքականները եւ զայն անուանեցին «Արիւնարբու Մերի»:
– Էլիզապէթ Ա. (1533-1603): Ան կ՛իշխէ 45 տարի: Էլիզապէթ Ա. Մերի Թիւտորի քոյրն է. ան կը մերժէ ամուսնանալ եւ Անգլիան կը վերածէ հզօր պետութեան մը:
– Անն Սթիուրթ (1665-1714): Անոր թագաւորութիւնը կը տեւէ 12 տարի: Ան ամբողջ իր թագաւորութեան շրջանը կ՛անցընէ Ֆրանսայի Լուի ԺԴ.-ի դէմ պատերազմելով: Անոր զաւակներէն ոչ մէկը կենդանի կը մնայ իրեն յաջորդելու համար:
– Վիքթորիա (1819-1901): Այս թագուհիին կը պատկանի ամէնէն երկար թագաւորելու մրցանիշը, 64 տարի: Ան կը ներկայացնէ հզօրութիւնը Մեծն Բրիտանիոյ, որ կը տիրապետէ հսկայական տարածքի մը` մեր մոլորակին մէկ հինգերորդին:
Անգլիացիները Կը Սիրեն…
– Իրենց թագուհին: Սակայն թագուհին չէ, որ կը ղեկավարէ երկիրը, որ սահմանադրական թագաւորութիւն մըն է: Վարչապետը` «փրայմ մինիսթըր»-ն է, որ կ՛որոշէ երկրին քաղաքական հարցերը. անգլիացիները նախագահ չունին: Սակայն թագուհին կարեւոր պաշտօններ կը կատարէ. օրինակի համար, ան բանակին ընդհանուր հրամանատարն է, երկիրը կը ներկայացնէ աշխարհին մէջ… Անգլիացիները մաս կը կազմեն Եւրոպայի, սակայն անոնք պահած են իրենց դրամը` փաունտը եւ փենսը:
– Օդին մասին խօսիլ: Անգլիոյ մէջ շատ կ՛անձրեւէ…
– Շարքի կենալ եւ սպասել հանրային փոխադրակառքերու կանգառներուն մէջ, խանութներուն մէջ… Անոնք շատ կարգապահ են: Անոնք շատ քաղաքավար ալ են. շարքին մէջ ուրիշի տեղ չեն առներ, երբ մէկու մը հանդիպին, անոնք միշտ «հաու տու եու տու» (ինչպէս էք) կը հարցնեն… սակայն` առանց համբուրելու:
– Իրենց հանդարտութիւնը պահել: Ինչ որ ալ պատահի անգլիացիները, միշտ կարծէք «անտըր քոնթրոլ» դիմակ մը կը պահեն իրենց դէմքին վրայ: Անոնք շատ չեն սիրեր իրենց զգացումները արտայայտել եւ ընդհանրապէս վերապահ կը մնան: Այս վարուելակերպը հաւանաբար եկած է 19-րդ դարէն, Վիքթորիա թագուհիի օրերէն, երբ ազնուականները ծայրայեղ ամօթխածութեան եւ շատ խիստ դաստիարակութեան օրինակ կու տային:
– Կատակներ պատմել: Անգլիացիներուն համար կատակ ընելը շատ բնականօրէն կու գայ… սակայն` առանց ինքզինք լուրջի առնելու: Անոնց նախասիրած դերասաններէն մէկը Ռոուան Աթքինսընն է, որ կը ներկայացնէ Միսթըր Պինի կերպարը: Անգլիացիները կը սիրեն նաեւ արտասովոր մրցումները, ինչպէս, օրինակի համար, բանջարեղէնի տարեկան մրցումները: Հետեւաբար զարմանալի չէ, որ «Կինես» մրցանիշերու գիրքը հնարուած է անգլիացիի մը կողմէ:
– «Ժողովրդական» թերթերը կարդալ: Անոնք հետաքրքիր են, յատկապէս` գիտնալու նշանաւոր անձերու եւ թագաւորական ընտանիքին վերջին լուրերը գիտնալու: Թագուհին տակաւին կը մնայ ազգային միութեան խորհրդանիշը, եւ ժողովուրդը անոր շատ կապուած է:
– Մարզանք ընել: Կարգ մը մարզաձեւեր, ինչպէս` քրիքեթը, գոյութիւն ունին միայն իրենց երկրին (եւ անոր նախկին գաղութներուն մէջ): Անգլիացիները սիրահար են «կլորակ գնդակի», որ ծնած է իրենց երկրին մէջ, միջին դարերուն, եւ շատ խանդավառ կը քաջալերեն Մանչեսթըր Եունայթըտի կամ Արսենալի մարզիկները, առանց մոռնալու ռուկպիի խաղը, որ դարձեալ ծնած է կղզիին վրայ, 19-րդ դարու վերջաւորութեան:
ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ԿՂԶԻՆ
Անգլիան կղզի մըն է, որուն հողերը կը բաժնուին Սկովտիոյ եւ Ուէյլզ երկրին հետ: Եթէ ասոնց վրայ աւելցնենք քովի կղզիին վրայ գտնուող Հիւսիսային Իրլանտան, այս չորս պետութիւնները կը կազմեն Միացեալ Թագաւորութիւնը: Անգլիոյ մէջ, ո՛ւր որ ալ ըլլաք, ծովը միշտ 120 քմ. հեռու է:
Անգլիական Խոհանոցը
Անգլիացիները շատ «հացակեր» են: Անոնք առտուն շատ ճոխ, աղի նախաճաշ մը կ՛ուտեն` հաւկիթ, պէյքըն միս եւ երշիկ: Ապա, կէսօրին, անոնք դարձեալ սանտուիչներ կ՛ուտեն: Իսկ երբ անոնք տունէն դուրս կ՛ըլլան, շատ կը սիրեն «ֆիշ էնտ չիփս» (տապկուած ձուկ եւ գետնախնձոր), կամ գարիով պատրաստուած հնդկական ուտելիքներ ուտել: Յիշենք, թէ Հնդկաստան անգլիական գաղութ մը եղած է մինչեւ 1947 թուականը: Բազմաթիւ հնդիկներ եւ փաքիստանցիներ հաստատուած են Անգլիա եւ ճաշարաններ բացած:
Իրիկունները անգլիացիները յաճախ կանուխ կ՛ընթրեն, ժամը 7:00-ի շուրջ: Գառնուկի կամ կովու միսը` ռոասթպիֆը, կը պահուի կիրակիի ընտանեկան ճաշին համար: Իսկ իբրեւ անուշեղէն` անոնք կրնան ընտրել ափըլ փայ մը (խնձորով թարթի տեսակ), քրամպըլ մը, կամ թրայֆըլ, որ քրեմի եւ ճելիի (գունաւոր անուշ) խաւերով կարկանդակ մըն է:
Թէյի Ժամանակը
Անգլիացիները շատ կը սիրեն թէյ խմել, անոնք օրական երեք անգամ թէյ կը խմեն: Իսկ ժամը 5:00-ի թէյը` «ֆայվ օքլօք թի»-ն, անխուսափելի է: Այս սովորութիւնը շատ յարգուած է, եւ մարդիկ ժամանակնին կ՛առնեն այս «արարողութիւնը» կատարելու համար: Անգլիացի մը տարեկան, միջին հաշուով, 2000 գաւաթ թէյ կը խմէ` յաճախ հետը պիսքուիներ ուտելով:
Այս սովորութիւնը սկսած է 17-րդ դարուն, երբ վաճառականներ դէպի արեւելք իրենց ճամբորդութիւններէն վերադարձին հետերնին բերին թէյը: 19-րդ դարու ճարտարարուեստական յեղափոխութեան ընթացքին գործատէրերը արտօնեցին թէյի դադարը: Այդ ժամանակներէն ժամը 5:00-ի շուրջ «թի-թայմը» անխուսափելի դադար մըն է բոլոր դասակարգերու անգլիացիներուն համար:
Անգլիացիները յատկապէս կը սիրեն ըրլ կրէյ թէյը, որ Տարճըլինկի եւ Չինաստանի սեւ թէյի խառնուրդ մըն է` պերկամոթ ծաղիկի հոտով: Քիչ մը կաթով, եթէ կարելի է…
Սքոնզ
Պէտք ունիս – 200 կրամ ալիւրի, 75 կրամ շաքարի, պտղունց մը աղի, 2 սուրճի դգալ պէյքինկ փաուտըրի, 75 կրամ կարագի, 2 ապուրի դգալ կաթի, 1 հաւկիթի, 80 կրամ չամիչի:
Պատրաստութիւն
1.- Կարագը շերտերու վերածէ եւ ձգէ, որ կակուղնայ: Չամիչները 10 վայրկեան գաղջ ջուրի մէջ դիր, ապա զանոնք հանէ:
2.- Խորունկ ամանի մը մէջ իրարու հետ խառնէ ալիւրը, շաքարը, աղը եւ պէյքինկ փաուտըրը: Մէջտեղը փոս մը փորէ, մէջը դիր կարագը եւ ձեռքերով խմորը շաղէ:
3.- Աւելցուր հաւկիթը, կաթը եւ դարձեալ լաւ խառնէ. եթէ անիկա կպչուն ըլլայ, քիչ մը ալիւր սրսկէ, ապա աւելցուր չամիչները:
4.- Կրակը վառէ 200 աստիճանի վրայ: Փուռի յատուկ ափսէի մը վրայ ալիւր սրսկէ:
5.- Խմորը բաց, մինչեւ որ 1 սմ. հաստութիւն ունենայ, ապա կլորներ կտրէ` գաւաթի մը բերանը գործածելով: Պիսքուիները շարէ փուռի յատուկ ափսէին վրայ եւ ձգէ, որ եփին 10 վայրկեան. անոնք թեթեւօրէն պէտք է կարմրին:
***
Սքոնները ուտելու համար զանոնք մէջտեղէն բաց եւ անոնց մէջ կարագ կամ անուշ քսէ:
Անշուշտ սքոնները կը հրամցուին թէյին հետ…
Ժամանց






