Յիշելով Յարութիւն Սարկաւագ Բանեանը
Մօտ քառասուն օրեր առաջ Լոս Անճելըսի մէջ իր հոգին աւանդեց երկար տարիներ Ս. Քառասնից Մանկանց եւ Ս. Նշան Մայր եկեղեցիներուն մէջ ծառայած Յարութիւն սարկաւագ Բանեանը:
Ծնած էր 1934-ին համեստ ու աստուածավախ Արտաշէս եւ Փիրուզ Բանեաններու յարկին տակ: Եօթը տարեկանին հօրը առաջնորդութեամբ զինք կը տեսնենք արդէն Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ դպրաց դասին մէջ, ուր կ՛ըլլայ պարտաճանաչ ներկայութիւն մը հօրը կողքին` մինչեւ 1946 թուական: Նոյն տարին երբ ընտանեօք կը տեղափոխուին Պուրճ Համուտի շրջանը, Յարութիւն Բանեան կ՛ըլլայ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ դպրաց դասի անդամ եւ տարիներ ետք ալ` դպրաց դասի ատենապետ: Յաճախած էր Նշան Փալանճեան ճեմարանը` վայելելով Լ. Շանթի եւ այլ մեծերու հայաշունչ մթնոլորտը, սակայն պատանութեան տարիներուն իսկ ստիպուած էր մտնել կեանքի ասպարէզ` որպէս տան աւագ որդին նեցուկ դառնալու համար հօրը ընտանիք պահելու դժուար աշխատանքին եւ դարձած էր վարպետ ոսկերիչ մը:
Երիտասարդ տարիներուն եղած էր կիրակնօրեայ վարժարանի ուսուցիչ, ապա նաեւ ՀԵԿԴՕՄ-ի (Հայ եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցներու օժանդակ մարմին) մէջ ունեցած էր վարչական պաշտօն: Այս տարիներուն է, որ այս շրջանակին մէջ գտած էր նաեւ իր կեանքի ընկերուհին` Սիրվարդ Փարթամեանը եւ կազմելով տիպար ընտանիք մը տարիներու ընթացքին բախտաւորուած է երեք դուստրերով` Յասմիկ, Շողիկ եւ Մարալ:
Բարեշնորհ Յարութիւն սրկ. հաւատաւոր եւ համոզուած ծառան էր հայ եկեղեցւոյ, ունէր անբասիր վարք եւ մեծ նուիրուածութիւն անոր հանդէպ, որուն իբրեւ արդիւնք 1994-ին իրեն կը շնորհուէր սարկաւագի աստիճան:
1995-էն 2008 մինչեւ Միացեալ Նահանգներ իր մեկնումը կը ծառայէր Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ: Եւ այսպէս աւելի քան վաթսուն տարիներ ամէն կիրակի առաւօտեան ժամը 7:00-էն կանոնաւորապէս ներկայութիւն եղած էր հայ առաքելական եկեղեցւոյ մէջ` իր արժանի ներդրումը ունենալով անոր պայծառացման գործին: Գիտակ էր եկեղեցւոյ խորհուրդներուն եւ շարականներուն եւ ունէր մեղմ ու քաղցր ձայն: Միշտ ունէր բարի ու լուսաւոր ժպիտ մը: Ժամանակի թաւալումին հետ ունեցաւ եօթը թոռներ, որոնցմով կը լիանար: Իր մեծ հօր մը ունեցած ուրախութիւնը երկինքներ կը հասնէր ամէն անգամ երբ թոռնիկները ամառնային արձակուրդներուն կ՛այցելէին Պէյրութ:
Թոռնիկները վայելելու փափաքն էր կարծես, որ ստիպեց իրեն վերջնականապէս տեղափոխուիլ Միացեալ Նահանգներ ու թէեւ առողջութիւնը քայքայուած էր շաքարախտի հետեւանքով, սակայն իր փոքր թոռնիկներով ինքզինք կը զգար առողջ եւ երիտասարդ եւ օրերուն կը նայէր յոյսով` լեցուն անոնց զուլալ ու ջինջ աչքերով:
Այս տողերը գրելու պահուս կը վերապրիմ այն ուրախութիւնը, երբ միասնաբար կը գտնուէինք Ս. Նշանի կամարներուն տակ եւ իր հոգւոյն պայծառութիւնն ու իր ազնիւ անունը զիս կը պարուրեն արդար հպարտութեամբ մը:
Հողը թեթեւ գայ վրադ բարեշնորհ Յարութիւն սարկաւագ Բանեան:
Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ Դպրաց Դասէն
Ս. Ղ.

