Արա Գալայճեանի Յիշատակին

Միացեալ Նահանգներու Պոսթըն քաղաքին մէջ շուրջ քառասուն օրեր առաջ, յետ երկարատեւ հիւանդութեան, մեզմէ առյաւէտ բաժնուեցաւ քսաներորդ դարու վերջին քառորդի սփիւռքահայ մեր լաւագոյն հրապարակագիրներէն մին` Արա Գալայճեանը: Ան ծնած է Երուսաղէմ, 1938-ին, նախնական ուսումը տեղւոյն Ս. Թարգմանչաց վարժարանի մէջ ստանալէ ետք, 1951-ին կը մեկնի Կիպրոս` ուսանելու ՀԲԸՄ-ի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մէջ, ուրկէ շրջանաւարտ կ՛ըլլայ 1957-ին: Շրջան մը ուսուցչութեամբ կը զբաղի Նիկոսիոյ Մելիքեան-Ուզունեան վարժարանին մէջ: 1965-ին կը վերադառնայ Երուսաղէմ, ուր Եղիշէ պատրիարք Տէրտէրեանի անձնական քարտուղարի պաշտօնը կը ստանձնէ, ինչպէս նաեւ կը վարէ պատրիարքարանի «Սիոն» պաշտօնաթերթին խմբագրապետութիւնը: 1978-ին կը հաստատուի Պոսթըն` ստանձնելով վարիչ-խմբագրի պաշտօնը Ռամկավար ազատական կուսակցութեան պաշտօնաթերթի` «Պայքար»-ի: 1987-1997 շրջանին խմբագրապետն է ՌԱԿ-ի «Տի Արմինիըն Միրըր Սփեքթեյթըր» շաբաթաթերթին: 2000-ին լոյս կը տեսնէ ազգային-քաղաքական նիւթերու շուրջ իր հեղինակած յօդուածներու ընտրանիին հաւաքածոն` «Օրի օրին» խորագիրը կրող, 269 յօդուածներով եւ 774 էջերով: Երուսաղէմ բնակած միջոցին, 1967-ին հրատարակած է Մշոյ Ս. Կարապետ վանքի ձեռագիրներուն ցուցակը: Նոյն տարին խմբագրած եւ հրատարակած է Պետրոս Դուրեանի «Տաղք» եւ «Նամականի» հատորները: 1982-ին Միշիկընի մէջ, անգլերէնի թարգմանած է Գրիգոր Քէօսէեանի` Գառզուին նուիրուած հատորը «Carzou-painter of a Magic World» («Գառզու-մոգական աշխարհի մը նկարիչը»):

Ստորեւ կու տանք յօդուած մը «Օրը օրին» հատորէն:

ԶԱՒԷՆ Գ. ՂԱՐԻՊԵԱՆ

 

Ընտանիքին Անկումը

Քանի մը շաբաթ առաջ սիրտ ճմլող դէպքի մը ականատես եղայ:

Երեկոյեան տուն կը վերադառնայի, երբ մեր բնակարանէն քանի մը տուն առաջ նկատեցի ինքնաշարժ մը. կը ճանչնայի այդ ինքնաշարժը, որ կը պատկանէր երիտասարդ, համեստ ամերիկացիի մը. ան ամէն չորեքշաբթի կու գար նոյն ժամուն, կը բարձրանար տան երկրորդ յարկը, իր երեք կամ չորս տարեկան մանչուկը կ՛առնէր մօրմէն եւ պտոյտի կը տանէր` քանի մը ժամ ետք վերադարձնելով: Մանչուկին ուրախութիւնը պէտք էր տեսնել. կը ցատկռտէր, կը պոռչտար, կը վազվզէր, հօրը կը փաթթուէր, կ՛երգէր: Եւ ասիկա` թերեւս անոր համար, որ հօրը հետ ըլլալու հաճոյքէն աւելի` ան իրեն սպասող վայելքին ակնկալութեամբ երջանիկ էր. պաղպաղակ պիտի ուտէր անշուշտ, թերեւս նաեւ փիցա, շաքարեղէններ. ապահովաբար մանկական զբօսատեղիներ պիտի երթար, պիտի զուարճանար, իր բոլոր փափաքները պիտի կատարուէին:

Որքան որ լսած էի, մանչուկին ծնելէն տարի մը ետք ամուսնալուծուած էին ծնողները: Իրենց միակ կապը մանչուկն էր:

Արդ, այդ չորեքշաբթի երեկոյ նկատեցի, որ մանչուկը վար իջեր, բայց հօր ինքնաշարժը մտնել չէր ուզեր: Ընդհակառակը, կը փորձէր հօր ձեռքէն ազատիլ եւ դէպի տուն վազել: Մայրը վար իջաւ, հակեցաւ զաւկին վրայ, մազերը շոյեց եւ սկսաւ հետը խօսիլ մեղմութեամբ. սակայն մանչուկը, տկար թաթիկներով փաթթուած մօր մէջքին, գլուխը ետ դարձուցած` դէպի ինքնաշարժը կը նայէր: Եւ միայն այն ատեն նկատեցի, որ ինքնաշարժին մէջ երիտասարդուհի մը նստեր էր, խարտիշահեր, ծեփուած դէմքով եւ կարմրաշուրթն, սիկարեթ մը բերնին անկիւնը:

Առաջին անգամ էր, որ մանչուկին հայրը օտար կնոջ մը հետ կու գար, եւ փոքրիկը կը մերժէր երկրորդ մայր մը ընդունիլ: Բնազդը, այնքան զօրաւոր մանուկներուն մօտ, զինք կը վերադարձնէր մօր, որուն կը պլլուէր վախի, մերժումի եւ ապահովութեան շարժումով մը:

Եւ կու լար: Շատ անգամ լսած էի անոր լացը` մանկական փոքրիկ քէներու, նազանքներու, քմահաճոյքներու անարցունք պոռչտուք մը, որ այնքան դիւրաւ կը դադրէր:

Բայց հիմա՞: Տարբեր, տարերային բան մը կար այդ լացին մէջ, ամբողջ ողբերգութիւն մը կը հոսէր այտիկներէն վար սահող արցունքներէն: Կեանքը իր բոլոր դժուարութիւններով եւ անյարիրութեամբ այսպէս յանկարծօրէն կը խուժէր վրան, զինք ժամանակէն շատ առաջ փորձառութեան կրակով կը տաղէր, մանկութիւնը կը խլէր աչքերէն եւ սիրտէն:

Հայր եւ մայր կը ջանային համոզել զինք, մինչ ան կու լար եւ աչքերը դէպի ինքնաշարժը սեւեռած կը պահէր: Ի վերջոյ, հայրը գրկեց զինք եւ առանց ուշադրութիւն դարձնելու լացին, թաթիկներուն եւ սրունքներուն հարուածներուն` նստեցուց ինքնաշարժ, ինք ալ մտաւ եւ ճամբայ ելան երեքը:

Քանդուած ընտանիք մը: Քանդուած տուն մը: Եւ քանդուած ապագայ մը:

Որովհետեւ այդ մանչուկը վաղը հասակ պիտի առնէ, պիտի մեծնայ` սիրտին մէջ խորունկ ոխ մը պահած ծնողքին դէմ, այդ անծանօթ երիտասարդուհիին դէմ, եւ ասոնց ընդմէջէն` աշխարհին դէմ: Ի՞նչ պիտի ըլլայ ան վաղը: Գինեմո՞լ, աւազա՞կ, մարդասպա՞ն, թէ՞ պարկեշտ քաղաքացի, ամուր բարոյականով անհատ, գործունեայ, ասպարէզին մէջ յաջողած մարդ: Պիտի ամուսնանայ եւ ընտանիք պիտի կազմէ՞, թէ՞ պիտի հետեւի ծնողքին օրինակին, պիտի լքէ կին ու զաւակ եւ պիտի երթայ խարտիշահերներուն ետեւէն:

Ո՞վ կրնայ ըսել:

Սակայն, ինչ որ իրողութիւն է, մանչուկին խոցուած ըլլալն է. վէրք, զոր մանկական պտլիկ հաճոյքները կրնան ծածկել առժամապէս, բայց որ հո՛ն է, անոր ենթագիտակիցին մէջ, եւ որ վաղը ուղղութիւն պիտի տայ հասակ առնող երիտասարդին, պիտի կոփէ անոր մտածողութիւնը:

Այսպէս է, որ այսօր մեր շուրջ միայն փլող ընտանիքներ կը տեսնենք. իրականութեան մէջ` տուն հասկացողութիւնը ա՛լ գոյութիւն չունի, որովհետեւ այդ բառին մէջ ամփոփուած ընտանեկան սրբազան աւանդութիւններու ամբողջ ըմբռնումը կործանած-անհետացած է: Տունը, ուր հայր եւ մայր իրարու հետ են, ուր զաւակները անոնց շուքին տակ եւ խնամքին ու հոգածութեան բարիքով կ՛աճին եւ կը կազմաւորուին: Ուր բարձր բարոյականութիւնը կը տիրէ, եւ ուր ընտանեկան սրբութիւնները կեանքի օրէնքը կը կազմեն:

Արդի «բարոյականութիւն»-ը այս բոլորը կը մերժէ արհամարհանքով: Անհատական ազատութիւնն ու ինքնավարութիւնը գերիվեր կը նկատէ փոխադարձ պարտաւորութիւններու եւ պատասխանատուութիւններու բարոյական աւանդութենէն: Վայելքը, իր բոլոր ձեւերով, առաջնահերթ է եւ ամենակարեւոր:

Ընտանեկան կեանքի այս համատարած եւ հետզհետէ սաստկացող անկումին առջեւ մենք ինչպէ՞ս պէտք է պահենք հայկական մեր աւանդութիւններն ու սրբութիւնները: Չենք կրնար ինքնահաճութեամբ յայտարարել, թէ օտարներո՛ւն ընտանիքները կը քանդուին, եւ թէ` մենք կառչած կը մնանք մեր սրբութիւններուն: Այդ տեսակ մեկուսացում մը անկարելի է: Կեանքը մեր շուրջն է, մեր գործատեղիին մէջ, մեր տան մէջ, պատկերասփիւռի պաստառէն մեր վրայ խուժող: Չենք կրնար չազդուիլ, չենք կրնար հոսանքին մէջ չիյնալ, չընդօրինակել` ինչ որ ամէն օր կը տեսնենք:

Եւ արդէն սկսած չե՞նք:

Քանի մը ամիս առաջ, ծեծուած, չարաշահուած եւ լքուած կիներու պաշտպան կազմակերպութեան մը տնօրէնուհին խմբագրատուն հեռաձայնելով` կը խնդրէր, որ ծանուցում մը հրատարակէի մեր թերթին մէջ, այդ մարմինին գործունէութեան, աշխատանքի ժամերուն մասին: Երբ առարկեցի, թէ մենք հայերս պէտք չունինք նման յայտարարութեան մը, ան ըսաւ. «Բայց, պարոն, պիտի զարմանաք, եթէ ձեզի ըսեմ, թէ որքա՛ն հայ կիներ մեզի կը դիմեն…»:

Սահմռկած մնացի:

Եւ ա՛յն ատեն էր, որ իրականութիւնը իր ամբողջ ահաւորութեամբ ցցուեցաւ առջեւս: Իրողութիւններ կան, որոնք կը կարծենք, թէ ծածկելով ու պահելով կրնանք նոյնիսկ անհետացնել: Հիւանդին նման, որ կը ծածկէ իր ախտը` այսպէս ինքզինք մահուան դատապարտելով:

Մեր հայկական աւանդական տունը, ընտանեկան սրբազան յարկը փլելու վտանգին առջեւ է: Ո՞վ ճար մը պիտի խորհի, ո՞վ դարման մը պիտի ուզէ գտնել:

Հիմակուհիմա մենք զմեզ տուած ենք անտարբերութեան հոսանքին ու դէպի անկում կ՛երթանք:

Հիները պիտի ըսէին` Աստուած բարին ընէ:

Յունիս 22, 1985

Share this Article
CATEGORIES