Լիբանանի Պատանեկան Միութիւնները Յատուկ Ձեւով Նշեցին Ս. Զատիկը
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինի ընկերային յանձնախումբին, Ս. Զատկուան տօնին առիթով նախորդ կիրակի, 8 ապրիլ 2012-ին, Պուրճ Համուտի հայ առաքելական եկեղեցիներուն մէջ գործադրուեցաւ յատուկ նախաձեռնութիւն մը:
Հայկական սովորութիւններն ու աւանդութիւնները պահպանելու նպատակով եւ այդ աւանդութիւններուն հանդէպ իրենց նախանձախնդրութենէն մղուելով, Լիբանանի պատանեկան միութիւններուն անդամ պատանիները Ս. Զատկուան օրը ուղղուեցան Սրբոց Քառասնից Մանկանց, Ս. Վարդանանց, Ս. Սարգիս եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցիները, ուր անոնք տօնը խորհրդանշող գունաւոր հաւկիթներ բաժնեցին եկեղեցի հասնող բոլոր հայ պատանիներուն:
Եկեղեցի ժամանող երեխաները մեծ ուրախութեամբ ստացան ներկուած հաւկիթները, որոնք օգտագործուեցան իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցած հաւկթամարտին ընթացքին:
Իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ մէջ կազմակերպուած հաւկթամարտէն յաղթական դուրս եկող պատանին ստացաւ Դաշնակցական պատանիին գիրքէն օրինակ մը:

