Ժէրար Աւետիսեան. «Տեսնենք Մեզ Մեր Նախնիներուն Մէջ»

Ընդամէնը հինգ տարի առաջ իր գծանկարիչի գործունէութեան սկսած է լիբանանահայ արուեստագէտ Ժէրար Աւետիսեան, որուն «Ի պատիւ նախնիներուն» ցուցահանդէսը այս օրերուն կը գործէ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ: Ոսկեփայլի, վառ ու արտայայտիչ  գոյներու համադրմամբ Ժէրար Աւետիսեան ներկայացուցած է  Անատոլուի,  Կիլիկիոյ, Հին Երեւանի եւ Թիֆլիսի մէջ 1780-1910-ականներուն ապրած մեր նախնիներու  կեանքէն որոշ դրուագներ` շեշտելով մանաւանդ անոնց հագուստ-կապուստը: Գծանկարչութեան համար ստեղծագործողին հիմք ծառայած են այդ տարիներէն հասած  լուսանկարները, որոնց մէջ գծանկարիչը նշմարած է կենցաղային մշակոյթի եւ տարազի ակնառու մանրամասնութիւններ, որոնք այսօր չեն պահպանուած: «Զգացի, որ հասած ենք տեղ մը, ուր մենք հեռու ենք մեր նախնիներէն եւ այդ հեռաւորութիւնը կրճատելու համար զանոնք մօտեցուցի մեզի», «Ազդակ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ Ժէրար Աւետիսեան:

Ծնած  եւ մեծցած ըլլալով Լիբանան` Ժէրար Աւետիսեան  հայկական դպրոց չէ յաճախած: Յատկանշական է, որ հայկական դպրոց չյաճախած, հայկական միջավայրէ հեռու մնացած երիտասարդը հասուն տարիքին որոշած է երթալ Հայաստան եւ ուսանիլ հոն: Ընդունուած է Երեւանի Թատերական համալսարանը եւ մեծ բարեբախտութիւն ունեցած է ուսանելու մեծն Վարդան Աճէմեանին դասարանին մէջ: Մեզի հետ զրոյցի ընթացքին ան ըսաւ, որ Աճէմեանէն շատ բան սորված է թէ՛ հայրենասիրութեան, եւ թէ արուեստի առումով: Իսկ առհասարակ այդ տարիներուն հայրենիքի մէջ ան առնչուած է հայ երգարուեստի եւ շարժանկարային արուեստի  մեծերուն (Գոհար Գասպարեան, Հենրիկ Մալեան, Արման Մանարեան), ինչ որ բնականաբար ազդած է իր` արուեստագէտի կազմաւորման վրայ. «Սակայն աւարտելէ ետք ես Հայաստան չվերադարձայ, քանի որ վախ ունէի տեսնել մեր սերունդէն շատերու, որոնք չէին հասած իրենց երազներուն, գիտեմ, որ  շատեր հիասթափուած են եւ այդ հիասթափութիւնն էր, որ չէի ուզեր տեսնել», ըսաւ Ժ. Աւետիսեան:

«Ի պատիւ նախնիներուն» ցուցահանդէսին մէջ ակնյայտ է թատերականութիւնը, թատերական ձեւաւորումը, որոնք կը վկայեն այն մասին, որ հեղինակը թատրոնի մարդ է: «Ինչ որ կը տեսնէք, ասիկա թատրոն է. կայ կերպար, կայ լոյս, կայ ձեւաւորում, կայ գեղեցկութիւն: Գեղանկարչութեան հանդէպ իմ մօտեցումս թատերական է», իր աշխատանքներուն մասին ըսաւ Ժէրար Աւետիսեան:

Երբ որոշած է դիմել գեղանկարչութեան ճամբով անցեալի յիշատակները վերարժեւորել, երկար ժամանակ տեւած է, մինչեւ որ գտած է այն թեքնիքը, որով պէտք է աշխատիլ: Ան կերպարը գծելէն ետք անոր հագուստը ներկելու փոխարէն, կտորի եւ աքսեսուարի միջոցով կը ստեղծէ զայն:  Ժէրար Աւետիսեան հաւաքած է աւանդական ու նախշազարդ կտորներ, մետաքս, թաւիշ, ժանեակ, կերպաս եւ անոնցմով ամբողջացուցած է մեր նախնիներուն կերպարները: Կերպարներուն մէջ նկատելի է հին հայերուն գեղջկական ծագումը. տաբատներու, գլխարկներու, գլխաշորերու ձեւերուն  եւ կտաւներուն մէջ երեւցող այլ  իրերու գործածութիւնը կը վկայէ գեղջկական այն մեծ կենցաղավարութեան մասին, զոր ունեցած են հին հայերը. «Չմոռնանք, որ մեր նախնիները գիւղացիներ էին, Անատոլուի, Կիլիկիոյ մէջ ապրող հայեր էին: Շատ քիչ են այն նկարները, որոնք կը ներկայացնեն Պոլսոյ, Երեւանի, Թիֆլիսի մէջ ապրող հայերուն կեանքը: Այլ քաղաքներ չկան, ուր  ապրած են մեր նախնիները», մեզի հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ Ժէրար Աւետիսեան:

Ան ցուցահանդէսներ ունեցած է Պէյրութի եւ Քուէյթի մէջ: Հայկական նիւթէն զատ ունի նաեւ ուրիշ շարք մը, որ կը ներկայացնէ արաբական իսլամական կենցաղը, որ նոյնպէս աւանդութիւնը  ներկայացնելու նպատակ ունի:

Տարբեր երկիրներու մէջ ապրելէն ետք (Հայաստան, Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա) Ժէրար Աւետիսեան վերադարձած է Լիբանան. «Վերջին տարիներուն ինքզինքս լիբանանցի կը զգամ,  մինչ այդ աշխարհաքաղաքացի էի», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Լիբանանը, Արեւելքը նոյնպէս հարստացուցած են իր ներաշխարհը. «Բազմաթիւ  երկիրներ ապրած եմ, շատ լեզուներով ստեղծագործած եմ, վերջապէս գտայ արտայայտուելու իմ ձեւս եւ կը կարծեմ, թէ ասիկա ճիշդ այն միջոցն է, որ կը փոխանցէ իմ ուզածս, իմ ըսելիքս», ըսաւ գեղանկարիչը: Ան կ՛ուզէ ապրեցնել անցեալը, սակայն ոչ` սգալու կամ ողբալու շեշտադրութեամբ: Ճիշդ այդ պատճառով ալ ան չէ անդրադարձած եղեռնեան շրջանի հայերու ապրած կեանքին. «Երբ որ Եղեռնի մասին խօսուի, ես կրնամ ցոյց տալ իմ աշխատանքներս` ըսելով, որ ահա, մենք կա՛նք», ըսաւ ան: Նախապէս կարգ մը բեմադրութիւններ կատարած բեմադրիչը ծրագիր մը ունի` բեմադրական հսկայ գործ մը կատարելու Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի առթիւ: Վստահ է, որ  մենք ունինք այն ուժերը, որոնց միջոցով պիտի իրականացնէ իր մտայղացումը: Մինչ այդ ան բեմադրութիւններ ըրած  է արաբական թատրոններուն մէջ, իսկ  գեղանկարչութեամբ զբաղելէ առաջ գործած է ծանուցումներու ձեւաւորման ասպարէզին մէջ:

Իբրեւ դերասան Ժէրար Աւետիսեան նկարահանուած է հայկական կարգ մը շարժապատկերներու մէջ` «Եռանկիւնի», «Մորգանի խնամին», «Կարինէ» (վերջին ժապաւէնին մէջ մարմնաւորած է գլխաւոր հերոսներէն մէկը` Արմէնը:) Առհասարակ ան չի սիրեր խօսիլ արդէն կատարած գործերուն  մասին, կ՛ըսէ, որ իրեն համար կարեւորը ապագան է, կարեւորը գալիք օրերն են. «Երբ մարդիկ ինծի ըսեն` խօսէ՛ քու դերերուդ մասին, անցած ճանապարհիդ մասին, կ՛ըսեմ` նայինք առաջ, կարեւորը ապագան է»:

Խօսելով այս ցուցահանդէսին մասին` Ժէրար Աւետիսեան նշեց, որ շատ կը փափաքէր մարդիկ գային, տեսնէին, թէ ի՛նչ կեանքով ապրած են իրենց նախնիները: Նաեւ օտարները այս նկարներուն մէջ կրնան տեսնել որոշ դրուագներ` մեր պատմութենէն:

Իր` գեղանկարչին նախնիները կը սերին Եոզկաթէն, եւ ան կը կարծէ, որ ամէն մէկ հայ ձեւով մը գիտէ իր նախնիներուն ծագման մասին: Գեղանկարները այդ ծագումը անգամ մը եւս հաստատող վկայութիւններն են: Լուսանկարները, որոնց հիման վրայ Ժէրար Աւետիսեան ստեղծած է իր գործերը, առնուած են գիւղերէն. հին ժամանակ լուսանկարիչները իրենք կ՛երթային գիւղերը` իրենց հետ տանելով հագուստ եւ զարդեղէն: Ահա ինչո՛ւ պատահական չէ, որ  հին լուսանկարներուն մէջ նոյն հագուստը եւ զարդը կարելի էր տեսնել քանի մը հոգիի վրայ:

Աշխատանքները կատարուած են աքրիլիքով, խառն թեքնիքով, ինչպէս նաեւ գործածուած է  պիժու, որ  ձեւով մը քոլաժներու ժանրին մէջ կը դնէ Ժէրար Աւետիսեանին աշխատանքները: Նկատելի են շատ վառ գոյները, որոնք թերեւս մեր նախնիներու ապրած ոչ այնքան գունաւոր  ու պայծառ կեանքը  ինչ-որ իմաստով գունաւորելու նպատակն ունին: Ժէրար Աւետիսեան ըսաւ, թէ պիտի մնայ այս ժանրին հարազատ, միշտ պիտի գործածէ կտոր եւ այլ նիւթեր, քանի որ միայն աքրիլիքով կամ մէկ նիւթով գեղանկարչութիւնը չի հետաքրքրեր զինք:

«Ի պատիւ նախնիներուն» ցուցահանդէսի մասին գեղանկարիչը իբրեւ վերջաբան ըսաւ. «Մեր նախնիները մեռած չեն, մենք ենք մեր նախնիները: Տեսնենք զանոնք մեր մէջ եւ տեսնենք մենք մեզ անոնց մէջ»:

Պատրաստեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Share this Article
CATEGORIES