Անան Դամասկոսի Կոչ Կ՛Ուղղէ Մարդասիրական Միջանցքներ Բանալու
ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անան նշեց, որ Սուրիոյ մէջ զինադադարին գծով «յարաբերական յանձնառութիւն» գոյութիւն ունի: Ան յոյս յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը Սուրիա դէտեր ուղարկելու շուրջ որոշում մը հրապարակէ: Անան նաեւ սուրիական կառավարութեան կոչ ուղղեց մարդասիրական միջանցքներ բանալու:
Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի «Ի.Թելէ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին համոզում յայտնեց, որ «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ զինադադարի հաստատման յայտարարութեան մէջ անկեղծ չէ, եւ պէտք է երկրին մէջ կացութեան հետեւելու համար միջազգային դէտեր տեղակայել»` աւելցնելով, որ «չեմ կարծեր, որ Ասատ անկեղծ է, եւ դժբախտաբար այս զինադադարին չեմ հաւատար»:
Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ յայտնեց, որ Անանի նախաձեռնած հոլովոյթը «Սուրիոյ եւ անոր իշխողներուն համար հոյակապ առիթ մըն է եւ թերեւս վերջին առիթը»` նշելով, որ «այս հոլովոյթին յաջողութիւնը բոլորին համար մեծ առիթ մը պիտի ըլլայ»:
Թուրքիոյ նախագահի աւագ խորհրդական Արշատ Հիւրմիւզլիւ յայտնեց, որ Թուրքիոյ սահմանին վրայ «սուրիական կողմէն վտանգաւոր եւ անարդարանալի մագլցում մը կայ, որ ներկայիս շրջանին մէջ կացութեան նպաստաւոր չէ»` նշելով, որ Թուրքիոյ հասցէին Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ Թուրքիոյ կողմէ սուրիացի ահաբեկիչներու ապաստան տալու մասին իր ամբաստանութիւններով սուրիացի գաղթականներուն կ՛ակնարկէ:
Հիւրմիւզլիւ «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «այդ ամբաստանութիւնները անհիմն են»` աւելցնելով, որ «թրքական կողմէն սահմանին վրայ որեւէ զինուորական գործողութիւն չկայ, եւ գաղթական եղբայրները մեր մօտ հիւրեր են եւ մեր կողմէ անոնց զէնքի մատակարարում չկայ»:
Հիւրմիւզլիւ նշեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնած է, որ Թուրքիոյ սահմանը նաեւ ՕԹԱՆ-ի սահմանն է, ուստի եթէ Սուրիոյ կողմէ մագլցում կատարուի, կարելի է կեանքի կոչել ՕԹԱՆ-ի ուխտի 5-րդ կէտը, ըստ որուն, ուխտի անդամներէն մէկուն դէմ յարձակում մը բոլորին դէմ յարձակում կը նկատուի. «կը յուսանք, որ հարցերը այդտեղ չհասնին»:
ՕԹԱՆ-ի բանբեր Քարմեն Ռոմերօ մտահոգութիւն յայտնեց Սուրիոյ հետ Թուրքիոյ սահմանին վրայ արձանագրուած միջադէպին համար եւ նշեց, որ դաշինքը «մօտէն կը հետեւի կացութեան եւ պիտի շարունակէ այդ մէկը կատարել»: Բայց եւ այնպէս ըսաւ, որ Թուրքիա ՕԹԱՆ-էն այս հարցով օժանդակութիւն չէ խնդրած: Ռոմերօ ընդգծեց, որ ՕԹԱՆ «իր անդամները պաշտպանելու հարցը շատ լուրջի կ՛առնէ»:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սելճուք Էօնալ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ «մենք Սուրիոյ հարցով բոլոր ընտրանքները կը քննարկենք ու պատրաստ ենք սահմաններուն եւ թրքական ազգային ապահովութեան պաշպանութեան համար անհրաժեշտ միջոցառումները որդեգրելու»:
Սէուտական պետական ՈՒԱՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ Ռիատի մէջ քննարկած է շրջանային եւ միջազգային զարգացումները, մասնաւորաբար Սուրիոյ կացութիւնը եւ անոր նկատմամբ երկու երկիրներուն կեցուածքները:
Անոնք նաեւ քննարկած են երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան հեռանկարներն ու բոլոր մարզերուն մէջ այդ համագործակցութեան ամրապնդման միջոցները:
Ապահովական գետնի վրայ, երէկ արեւմտեան լրատուական աղբիւրներ հաղորդեցին, որ Թուրքիոյ սահմանին մօտ դարձեալ բախումներ տեղի ունեցած են: Բախումներ արձանագրուած են Իտլիպ նահանգի Խըրպեթ Ժոզ գիւղին մէջ` սուրիական բանակին եւ Սուրիական ազատ բանակին միջեւ:
Սուրիական պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Տէր Զօրի գլխաւոր պողոտային վրայ ականի մը պայթումին պատճառով 3 քաղաքայիններ վիրաւորուած են: Աւելի ուշ պատկերասփիւռի կայանը նաեւ հաղորդեց, որ Տէր Զօրի Պուքամել շրջանին մէջ այլ ականի մը պայթումը 2 վիրաւորներ խլած է:
Միւս կողմէ, ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատար մը, հաղորդեց, որ Ռուսիոյ ծովուժի մարտանաւեր մնայուն հերթապահութիւն կը կատարեն Սուրիոյ ծովափին մօտ:
Աղբիւրը նշած է, որ սուրիական ափերուն մօտ հերթապահութիւն կը կատարէ սեւծովեան նաւատորմիղի «Սմեթլիվի» յածանաւը, սակայն մայիսին Սեւասթափոլէն եկած այլ նաւ մը զայն պիտի փոխարինէ: Աղբիւրը կը նշէ, որ ռուսական այլ մարտանաւեր դէպի Միջերկրական ծով կ՛ուղղուին:


