Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ հաւանական կը նկատեն, որ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքը վաւերացուի:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի յայտնեց, որ տրամաբանական չէ իսլամ արգելափակեալները հինգ տարի շարունակ բանտարկել առանց դատավարութեան:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, Դամասկոսի հետ յարաբերութիւններ ունեցող կարգ մը կուսակցականներ ճիգ չեն խնայած Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի բնակարանին դիմաց գտնուող շէնքերէն յարկաբաժիններ վարձելու:

ԵՐԷԿ առաւօտեան Թրիփոլիի Զահիրիէ եւ Ժապալ Մըհսեն շրջաններուն մէջ կրակոց լսուած է:

ԸՍՏ «Հայաթ» օրաթերթին, պետական նշանակումներուն արգելակումին հիմնական պատճառը հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ տարակարծութիւնն է:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի համաձայն է, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման վաւերացնէ 8,900 միլիառ լ. ոսկիի ծրագիրը:

ՍԱԼԱՖԱԿԱՆ «Իքրա» (Կարդա՛) միութեան նախագահ շէյխ Պիլալ Տըքմաք յայտնեց, որ Լիբանանի սալաֆականները կը ջանան սուրիական ընդդիմութիւնը միասնակացնել: Այս մասին քաթարեան «Ուաթան» օրաթերթին հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին, սալաֆական շէյխը չհերքեց Լիբանանի մէջ Սուրիական ազատ բանակի անդամներու գոյութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ իր դէմ գործուած մահափորձին հիմնական պատճառներէն մէկը այն է, որ ինք քրիստոնեաները զետեղած է «Արաբական գարնան» սրտին մէջ: Միւս կողմէ, Ժահժահ նշեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը լիբանանեան իշխանամէտ քաղաքական ուժերուն հետ երկխօսութեան պիտի չնստին, մինչեւ սուրիական վարչակարգին տապալումը:

 

Share this Article
CATEGORIES