Ա. Հարիրի. «Լիբանանցիները Արդարութեամբ Եւ Հաւասարութեամբ Կը Կառավարուին»
Իքլիմ Խարրուպի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Մուսթաքպալ հոսանքի անդամ 20 բժիշկներու պարգեւատրման հանդիսութիւն մը, որուն ներկայ գտնուեցաւ Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի:
Հանդիսութեան ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ, Ա. Հարիրի յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կառավարութենէն կարելի չէ բարիք սպասել` աւելցնելով, որ ինքզինք զանց կացուցողը չի կրնար զիրենք ներկայացնել:
Ա. Հարիրի շեշտեց, որ լիբանանցիները արդարութեամբ եւ հաւասարութեամբ կը կառավարուին եւ ոչ թէ հրթիռներով եւ 7 մայիսով:
Անդրադառնալով Քամալ Ժոմպլաթի եւ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութիւններուն` Ա. Հարիրի շեշտեց, որ լիբանանցի երկու ղեկավարները սպաննող կողմը նոյնն է, տեղի եւ ժամանակի տարբերութենէն բացի:
CATEGORIES Լիբանանեան

