«Շարպել Նահհաս Բարեկամ Է, Իսկ Ֆայեզ Քարամի Հարցով Դատական Իշխանութիւնը Իր Վճիռը Արձակած Է» Շեշտեց Զօր. Աուն

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ «Ախպար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին մէջ շեշտեց, որ ներքին կուսակցական տարակարծութիւններն ու խնդիրները բնական են քաղաքական բոլոր ուժերուն համար, յատկապէս երբ անոնք կը փորձեն ուղղուիլ դէպի իսկական ժողովրդավարութիւն:

Զօր. Աուն բացայայտեց, որ իր կեանքին մէջ մեծագոյն դաւաճանը եղած է սպայ մը, որ ամբողջ պատերազմին ընթացքին իր գործունէութիւնը համադրած է Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ապահովական կառոյցին հետ եւ լիբանանեան բանակին բոլոր գաղտնիքները փոխանցած անոր:

«Այդ սպային դասալքութիւնը հարիւրաւոր զոհեր պատճառած է», ըսաւ զօր. Աուն:

Անդրադառնալով նախկին նախարար Շարպել Նահհասի` զօր. Աուն շեշտեց, որ Շարպել Նահհաս բարեկամ է, իսկ Ֆայեզ Քարամի մասին հարցումի մը պատասխանելով ան նշեց, որ անոր մասին դատական իշխանութիւնները իրենց վճիռը արձակած են:

 

Share this Article
CATEGORIES