Մանսուր. «Իմամ Մուսա Սատըրի Ճակատագիրին Մասին Ցարդ Վերջնական Տեղեկութիւններ Չկան»

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ անյայտ կորսուած իմամ Մուսա Սատըրի աճիւններուն յայտնաբերման մասին շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերը անճիշդ են:

Ան աւելցուց, որ Լիպիոյ իշխանութիւններուն հետ գործակցող լիբանանեան յանձնախումբը, որուն կը նախագահէ ինք, միակ իրաւասու կողմն է, որ կրնայ տեղեկութիւններ փոխանցել իմամ Սատըրի անհետացման թղթածրարին առնչութեամբ:

 

Share this Article
CATEGORIES