Մըրատ – Ապատի Հանդիպում
Իթթիհատ կուսակցութեան նախագահ, նախկին նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատիի հետ:
Հանդիպումէն ետք Մըրատ յայտնեց, որ Ապատիի հետ քննարկած է լիբանանեան իրադարձութիւններն ու շրջանային զարգացումները:
Մըրատ ողջունեց Թեհրանը` Լիբանանի, Դիմադրութեան եւ արաբական արդար դատերուն նկատմամբ անոր ցուցաբերած զօրակցութեան համար:
Ան մաղթեց, որ Լիբանանի եւ Իրանի միջեւ քաղաքական յարաբերութիւնները ամրապնդուին:
Իր կարգին, Ապատի կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն ու արաբ ժողովուրդին միասնականանալու եւ իրարու նկատմամբ զօրակցութիւնը ամրապնդելու` դէմ դնելու համար իսրայէլեան դաւադրութիւններուն:
CATEGORIES Լիբանանեան

