Ալի Շաապանի Նահատակութեան Առիթով Ցաւակցութիւնները Կը Շարունակուին

«Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի նահատակ քամերամեն Ալի Շաապանի ընտանիքը, աւարտելէ ետք Մայֆատունի մէջ ցաւակցութիւններ ընդունելու արարողութիւնը, փոխադրուեցաւ Պէյրութ եւ Ռամլեթ Պայտայի հոգեւոր կեդրոններէն մէկուն մէջ շարունակեց ցաւակցութիւններ ընդունիլ:

Ալի Շաապանի ընտանիքին ցաւակցութիւն յայտնեցին մեծ թիւով նախարարներ, երեսփոխաններ եւ դեսպաններ, իշխանամէտ թէ ընդդիմադիր քաղաքական կողմերու ներկայացուցիչներ:

Ցաւակցութիւն յայտնող հիմնական անձնաւորութիւններէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որ յայտնեց, թէ Լիբանանը եւ Սուրիան մէկ են Ալի Շաապանի կորուստին մէջ: Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի` ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Աւետիս Կիտանեանի, ցաւակցութիւն յայտնեց Ալի Շաապանի ծնողքին ու հարազատներուն, ինչպէս նաեւ «Ժատիտ» կայանի տնօրէնութեան ու անձնակազմին:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ Ալի Շաապանի դէմ գործուած սպանութիւնը խստիւ դատապարտելի է, ո՛վ որ ալ ըլլայ այդ քստմնելի ոճիրը գործողը:

«Բայց եւ այնպէս Ալի ազատութեան եւ ճշմարտութեան նահատակն է», ըսաւ Յ. Բագրատունի:

Ցաւակցութիւն յայտնող անձնաւորութիւններէն եղան նաեւ խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի, նախկին վարչապետ Սելիմ Հըս, խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի, ինչպէս նաեւ նախարարներ Ղազի Արիտի, Ուալիտ Տաուք, Սելիմ Ժրայսաթի, երեսփոխաններ Պութրոս Հարպ, Աթեֆ Մաժտալանի, Զիատ Ասուատ,  Մոհամետ Ռաատ, Ալի Ֆայեատ, Նաուար Սահիլի, Ալի Ամմար, Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի եւ մեծ թիւով արուեստագէտներ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES