Նախագահ Սլէյման Ցաւակցութիւն Յայտնեց Ասորի Կաթողիկէ Նախկին Պատրիարքին Վախճանումին Առիթով

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ այցելեց ասորի կաթողիկէ համայնքի պատրիարքարանը, ուր Իգնատիոս Եուսեֆ Գ.  Եունան պատրիարքին փոխանցեց իր ցաւակցութիւնները նախկին պատրիարքին` կարտինալ Իգնատիոս Մուսա Ա. Տաուտի վախճանումին առիթով:

Եունան պատրիարքը շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Սլէյմանին` ցաւակցութիւն յայտնելու անոր նախաձեռնութեան համար:

Ան յայտնեց, որ Տաուտ պատրիարքին յիշատակը միշտ վառ պիտի մնայ եւ ասորի կաթողիկէ եկեղեցին միշտ պիտի հպարտանայ իրմով:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Տաուտ պատրիարքին վախճանումը Լիբանանի համար կորուստ մըն է:

 

Share this Article
CATEGORIES