Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմի 37-Ամեակին Առիթով Անցեալէն Դասեր Քաղելու Կոչեր Եւ Հաւաքներ

Պէյրութի նահատակաց հրապարակի նստացոյցէն պահ մը

Լիբանանի մէջ քաղաքացիական պատերազմի բռնկումին առիթով երէկ իշխանութեան երկու պետերն ու տարբեր համայնքներու հոգեւոր հովիւներ կոչ ուղղեցին անցեալէն դասեր քաղելու եւ նոյն մահացու սխալին մէջ չիյնալու:

Նշեալ բովանդակութիւնը կրող պատգամներէն բացի, տեղի ունեցան նաեւ հաւաքներ, որոնց շարքին նաեւ Լիբանանը բաղկացնող բոլոր համայնքներու հոգեւոր ներկայացուցիչներուն հաւաքական աղօթքը, որ երէկ երեկոյեան կատարուեցաւ Մաթհաֆի շրջանին մէջ գտնուող Լիբանանի պետական թանգարանի մուտքին:

Ռիատ Սոլհի հրապարակին վրայ եւ Սուրիոյ արգելարաններուն մէջ գտնուող լիբանանցի անյայտ կորսուածներու իրաւունքներու պաշտպան «Սոլիտ» մարդկային իրաւանց միութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ նստացոյց մը, որուն մասնակցեցան քաղաքացիական պատերազմին անյայտ կորսուած քաղաքացիներուն հարազատները:

Ցուցարարները կոչ ուղղեցին բոլոր երեսփոխաններուն լքելու իրենց պաշտօնները, եթէ անոնք կարողութիւնը  չունին տասնեակ տարիներու վրայ երկարող այս հարցը լուծելու եւ լիբանանցիներուն ցաւերը ամոքելու:

Ցուցարարները կոչ ուղղեցին, որ անյայտ կորսուած հազարաւոր լիբանանցիներուն համար Լիբանանի խորհրդարանը օրէնք մը մշակէ, եւ այդ պահանջին իբրեւ արդիւնք նստացոյցին մասնակցողները ստորագրեցին յուշագիր մը, որ պիտի փոխանցուի խորհրդարանին:

Երեկոյեան ժամը 5:00-ին Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին վրայ լիբանանեան քաղաքացիական հասարակութեան տասնեակ մը գործիչներ նստացոյց կատարեցին` «Թոյլ տուէք կերտենք մեր խաղաղութիւնը, որովհետեւ վճարեցինք ձեր պատերազմներուն գինը» կարգախօսին ներքեւ:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն անցեալէն դասեր քաղելու եւ մտածելու քաղաքացիական պատերազմին եւ անոր հետեւանքներուն մասին, որպէսզի կարելի ըլլայ բոլորին համար յստակ դարձնել, որ Լիբանանի շահերուն գերադասումը ի վնաս Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն կ՛ըլլայ:

Նախագահ Սլէյման կարեւորութեամբ շեշտեց Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանումին անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդգծեց, որ Լիբանանի կայունութիւնը կը պահպանուի լիբանանեան ներքին երկխօսութիւնը շարունակելով, լարուածութեան համեմատութիւնը նուազեցնելով եւ լիբանանցիներուն իրաւունքները երաշխաւորող սահմանադրութեան տէր կանգնելով:

Իր կարգին, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի կոչ ուղղեց բոլոր լիբանանցիներուն համախոհութիւն գոյացնելու եւ իրենց կեցուածքները միասնականացնելու` ի խնդիր Լիբանանի շահերուն ապահովումին եւ անոր կայունութեան պահպանումին:

Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ միայն լիբանանեան միասնականութեամբ է, որ կարելի կ՛ըլլայ Լիբանանը պատերազմներէ հեռու պահել:

«Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմէն կարելի կ՛ըլլայ դասեր քաղել իրարու միջեւ երկխօսութիւնը շարունակելով եւ Լիբանանը գրաւներէ եւ շրջանային սպառնալիքներէ պաշտպանելով», ըսաւ Միքաթի:

 

Share this Article
CATEGORIES