Տինքի Գործը Քննող Դատաւորին Եւ Դատախազին Դէմ Սկսած Հետաքննութիւնը Աւարտած Է
Թուրքիոյ Դատաւորներու եւ դատախազներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ Ահմեթ Համսիճի կը յայտնէ, որ Տինքի սպանութեան հարցով դատաւորին եւ դատախազին դէմ սկսած հետաքննութիւնը աւարտած է եւ զեկուցումը ուղարկուած է Թուրքիոյ Դատաւորներու եւ դատախազներու գերագոյն խորհուրդին:
Տինքի դատական հարցը քննող Պոլսոյ ծանր յանցագործութիւններու 14-րդ դատարանի դատաւոր Ռիւսթեմ Էրեըլմազի եւ դատախազ Հիքմեթ Ուսթայի նկատմամբ «մամուլի մէջ կատարուած հրապարակումներու» պատճառով հետաքննութիւն սկսած էր:
«Այս հարցին վերաբերեալ զեկուցումը պատրաստ է, սակայն մենք չենք հասած ուսումնասիրել զայն: Զեկուցումին մէջ համոզում կայ, որ պէտք է նաեւ կարգապահական հետաքննութիւն կատարուի», ըսաւ ան:
Դատախազ Հիքմեթ Ուսթա վերջերս բողոքարկած էր Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով դատարանին կայացուցած որոշումը: Երեսուն էջնոց բողոքարկման դիմումին մէջ դատախազը պնդած էր, որ Էրհան Թունջել եւ Եասին Հայալ Տրապիզոնի մէջ գործող ահաբեկչական խմբաւորման ղեկավարներ են:
Ան նշած էր, որ դատարանը «Էրկենեքոն» խմբաւորման հետ կապ ունենալու հարցին բաւարար ուշադրութիւն չէ դարձուցած եւ չէ ներառած մարդիկ, որոնք նոյնպէս պէտք էր պատասխանատուութեան ենթարկուէին:

