Նալբանդեան Հանդիպում Ունեցաւ Մինսքի Խմբակի Համանախագահներուն Հետ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան նախանցեալ օր Վարշաւայի մէջ հանդիպում ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Ռոպերթ Պրատքէի, Իկոր Փոփովի, Ժաք Ֆորի եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի հետ:

Հանդիպման ընթացքին շարունակուեցան քննարկումները ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին եւ յունուարին Սոչիի մէջ տեղի ունեցած վեհաժողովին նախագահներու միացեալ յայտարարութեան կէտերուն իրականացման շուրջ: Այդ առումով Էդուարդ Նալբանդեան անդրադարձաւ Պաքուէն հնչող յայտարարութիւններուն եւ ձեռնարկուող քայլերուն, որոնք ուղիղ հակասութեան մէջ կը մտնեն Սոչիի համաձայնութիւններուն հետ:

Ըստ Նալբանդեանի, «վերջին շրջանին Ազրպէյճանի մէջ ամէնէն բարձր մակարդակով սաստկացած հակահայկական եւ ցեղապաշտական հռետորաբանութիւնը վնաս կը հասցնէ բանակցային հոլովոյթին համար կարեւոր դրական մթնոլորտի ձեւաւորման»:

 

Share this Article
CATEGORIES